ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Մայիս 16ին, կ.ե. ժամը 12-1:30, ճաշկերոյթ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի հետ, աւելի մօտէն ծանօթանելու համար քաղաքապետին եւ իր գործունէութեան:
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ «Ռենեսանս» ճաշասրահին մէջ (1236 South Central Ave., Glendale, CA, 91204): Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է: Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Մայիս 12՝ դիմելով admin@ancaglendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին: Տոմսեր կարելի է ապահովել նաեւ՝ այցելելով itsmyseat.com/ANCAG կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.