
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգային պատկերասրահը պիտի հարստանայ սպանացի գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Սալվատոր Տալիի ստեղծագործութիւններով: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեանը:
Մայիս 18ին՝ Թանգարաններու միջազգային օրը, պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քրիսթին Արժիլէի կողմէ ՀԱՊին ընծայուող Սալվատոր Տալիի գծանկարչական ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը եւ նուիրատուութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեււ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը:
ՀԱՊի տնօրէնին համաձայն՝ բացի Տալիի գործերէն, պատկերասրահի հաւաքածոյին մէջ իրենց արժանի տեղը պիտի գտնեն նաեւ Վասիլի Քանտինսքիի եւ Հանս Պելմըրի աշխատանքները:
«ՀԱՊին ընծայւում են Սալուադոր Դալիի՝ համաշխարհային փառք վայելող նկարչի ստեղծագործութիւնները: Դրանք շատ կարեւոր եմ համարում. թէկուզ գրաֆիկական ստեղծագործութիւններ են, սակայն Դալիի գործերն են: Պատկերասրահը շատ արժէքաւոր նուէր է ստանում», նշած է Փարաւոն Միրզոյեանը:
«Մօտ 15 ստեղծագործութիւն կը նուիրուեն պատկերասրահին: ՀԱՊում Դալիի եւ Բելմերի աշխատանքներից չկան, սակայն ունենք Կանդինսկու գործերից», ըսած է Փարաւոն Միրզոյեան: