ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յատկապէս հանրային կեանքի մէջ, երբ աշխատանքային ամէնօրեայ հեւքը եւ առօրէական հարցերը դիմագրաւելու ներքին լարումը կը դառնան տիրական, ակամայ կը հեռանանք մեր ասպարէզն ու կոչումը իմաստաւորող բուն առաջադրանքներէն եւ յանձնառութիւններէն։
Ո՛չ, չենք մոռնար, ոչ ալ վերարժեւորման ու թերագնահատման կ՛ենթարկենք մեր քայլերն ու համոզումները առաջնորդող մեծ սկզբունքներն ու գաղափարական արժէքները։
Այլ՝ պարզապէս կը կորսնցնենք անոնց հետ անմիջական կապի, անոնցմով մեր ըրածն ու չըրածը հաշուեկշիռի զարնելու զգացողութիւնը։
Նաեւ՝ առօրեան որքան ալ կլանող ըլլայ, կու գայ ժամանակ, երբ կեանքը յանկարծ կը սթափեցնէ մեզ օրը պարզապէս գիշերելու ամէնօրեայ մաշումի կախարդանքէն։ Ահազանգ կը հնչեցնէ ու կը ստիպէ, որ պահ մը կանգ առնենք՝ հանգիստ շունչ քաշելու համար, որպէսզի մտածենք մեր ընթացքին մասին, բայց մանաւանդ տէր կանգնինք մեր երազներուն եւ տեսնենք, թէ ո՞ւր հասած ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք…
Այդ պատճառով ալ, միայն ժամանակի զարթուցիչ ահազանգին չենք կրնար ապաւինիլ՝ առօրէական մաշումին ամբողջապէս անձնատուր չըլլալու համար։
Աւելի՛ն, ամէնօրեայ մեր հեւքին մէջ իսկ մնայուն յիշեցման կարիք ունինք, որպէսզի մեր կապը բնաւ չկորսնցնենք մեր հիմնական արժէքներուն հետ՝ Հայոց Պետական Տունը կարգի բերելու, նաեւ՝ Սփիւռքի հայապահպանման եւ ազգային ինքնակազմակերպման կառոյցները ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դէմ պաշտպանելու եւ վերանորոգելու ճակատներուն վրայ։
Այլապէս, անտառին ծառերը կը տեսնենք ու կը գնահատենք, բայց անտառը իր ամբողջականութեամբ դիտելու եւ արժեւորելու դժուարութիւնը կ՛ունենանք։
Կը սկսինք մեր առօրեան լեցնելու մեր երկրի ու պետութեան կառավարման այս կամ այն ոլորտին մէջ պարզուած յառաջխաղացքը եւ ընկրկումները մեր մտահոգութեանց առանցքը դարձնելով, բայց կը մոռնանք որ կառավարման այս համակարգը իր արմատէն ու բունէն փտած է եւ ոչ մէկ պատուաստում կացութիւնը կը փրկէ։
Առօրեայով տարուելու կախարդանքէն դուրս գալու մեր միակ զէնքը մնայուն մեր կապն է հաւաքական, այլեւ՝ ազգայի՛ն մեր յիշողութեան հետ, հայո՛ւ իմաստութեան սեփական պաշարներուն հետ ներգործօն հաղորդակցութեան մէջ գտնուելու կենսունակութեան մէջ է։
Մեր կեանքի ժամանակին իրապէս տէր կանգնելու համար, հետեւաբար, լոյսին եւ ջուրին պէս պէտք ունինք քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան, որպէսզի առօրեան իր հրամայականներով վերջնականապէս չթաղէ մեր երազները։
Քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը անհրաժեշտ եւ անխուսափելի պայման են՝ թէ՛ հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքներուն, թէ՛ որոշապէս մեր պարագային դաշնակցական մտքի վերանորոգման համար։
Մեր մամուլն ու մտաւորականութիւնը գլխաւոր յառաջամարտիկներն են առօրեայէն անդին սեւեռելու եւ հաւաքական մեր երթին ուղենիշները միշտ մեր տեսողութեան դաշտին մէջ եւ առաջնորդող պահելու գաղափարական այդ աշխուժութեան։
Բայց նաեւ պարզ մարդիկ եւ ընթերցողներ, երբ իրենց ընթերցումներէն կատարուած յայտնագործումներ կը յանձնեն ընդհանուրի սեփականութեան, բոլորիս համար նորովի լուսարձակի տակ կ՛առնեն ճշմարտութիւններ, որոնց թարմութիւնը եւ այժմէականութիւնը յայտնապէս զոհ գացած է… առօրեայ հեւքի մաշումին։
Իր անունը չհրապարակող նման ընթերցող մը վերջերս մամուլի աշխատաւորներուս ուշադրութեան յանձնեց Ուիլեըմ Սարոյեանի ժառանգութենէն վերցուած ու Դաշնակցութեան վերաբերեալ ուշագրաւ մտորումներ կատարող վկայութիւն մը։
Խորհրդածութեան արժանի վկայութիւնը լուսապատճէն արտատպում մըն է Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրք»ի հարուստ հաւաքածոյէն՝ հետեւեալ խմբա-գրական ներածութեամբ եւ անոր հիմք ծառայող Սարոյեանական մատնանշումներով.
«Ուիլեըմ Սարոյեան 1935ին հրատարակած էր իր մէկ գիրքը՝ «Inhale and Exhale» («Շնչառութիւն եւ Արտաշնչում») անունով։ Ինչպէս իր շարք մը հեղինակութեանց մէջ, այս գիրքին մէջ ալ ան շօշափած է, ի միջի այլոց, հայ կեանքին հետ կապուած կարգ մը հաստատումներ, որոնցմէ մէկն է ՀՅ Դաշնակցութեան վերաբերեալ հատուած մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք նոյնութեամբ.
«…Ասոնք էին ազգայնականները, Դաշնակները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը։ Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր։ Միայն զէնքով կ՛ըլլար ատիկա։ Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար, եւ գէշ միջոց մըն էր ատիկա, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց Դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին ընել։ Իսկ ոեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղին մատնիչը։ Այդ մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ միջոց չունէին անոնք։ Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը։
«Այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ։ Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան իրենց պատերազմը, եւ Հայաստան ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ մը եւ դաշնակներով կազմուած կուսակցութիւնով մը։ Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներուն մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, անոնք որ մեռան եւ անոնք որ կ՛ապրին տակաւին։ Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք։ Աղէտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան։ Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր այն, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը՝ մայրաքաղաք։ Հարիւրաւոր տարիներէ ետք առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան։
«Գիտեմ թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպարտ եմ»։
«Ամէնուն Տարեգիրք»ը միաժամանակ բաց նամակ մըն ալ թարգմանաբար տուած է Սարոյեանէն, թէեւ դարձեալ Դաշնակցութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի մասին, սակայն այդ մասին՝ այլ առիթով։
Մէջբերուած այս հատուածին եւ մտորումներուն պարագային, ուշագրաւը եւ այս «Օրուան մտածումը» հունաւորողը առաջին հերթին Սարոյեանական ոճն է։
Խօսքը կը վերաբերի անմիջական եւ առօրեայ կեանքին մէջ, եւ այդ հեւքին հետ, մնայուն ճշմարտութիւններն ու արժէքները նրբօրէն տեղաւորելու եւ միասին ապրեցնելու 20րդ դարու հայ մեծ գրողին ինքնատիպ ոճին։
Ինչպէս իր գրականութեան, այնպէս ալ ազգային-հասարակական իր մտորումներուն մէջ, Սարոյեան գիտէ եւ կրնայ ամէնէն պարզ մարդիկն ու անոնց առօրեայ կեանքը, պարզագոյն բառերով եւ մտածումներով իսկ, խորացնել ու անմահացնել։
Խիտ ու հակիրճ այս մէջբերումին մէջ եւս, Սարոյեան ամենայն պարզութեամբ նախ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքին, ապա որոշապէս ՀՅ Դաշնակցութեան դիտել կու տայ, որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ սխալ է եւ անընդունելի միայն զէնքով փրկութիւն փնտռելը…
1930ականներուն այդ բանավէճը՝ հայ ազգային-ազատագրական զինեալ պայքարին արդարացիութեան շուրջ, իր գագաթնակէտին կը գտնուէր հայ իրականութեան մէջ։
Ոչ միայն մէկ կողմէ Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները, իսկ միւս կողմէ Խորհրդային Ռուսիա ու Արեւելքը, այլեւ հայ իրականութեան մէջ թէ՛ հայ համայնավարները եւ թէ ռամկավար ու հնչակեան հակադաշնակցական ճակատը, հմուտ պատմաբան Լէոյի առաջնորդութեամբ, միասնաբար լծուած էին Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ հայոց զինեալ պայքարը կանխահաս ու արկածախնդրական, կամ՝ ազգայնամոլական ու հակադասակարգային հռչակելու եւ վարկազրկելու գաղափարական պայքարին։
Սարոյեան ամենայն նրբութեամբ կը յիշեցնէ, թէ այո՛, ընդհանրապէս անքաղաքակիրթ է միայն զէնքի լեզուով հարցեր լուծելու փորձութիւնը։
Բայց նաեւ դիտել կու տայ, որ երբ չորս կողմէ թշնամիներով շրջապատուած Հայաստան ու հայութիւն ես, իսկ Եւրոպան ու մեծերը ժամանակ չունին քու փրկութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով զբաղելու, այդ պարագային դատապարտուած ես զէնքով կռուելու ու մահուան գնով իրաւունքիդ տիրանալու եւ արդարութիւնը նուաճելու։
Սարոյեանի մտածողութեան մէջ՝ Դաշնակցութիւնը ա՛յդ սխալ կռիւը մղեց, բայց այդ կռիւը միայն ազնիւ կռիւ էր եւ յաղթանակով պսակուեցաւ ու Հայաստանը եղաւ Հայաստան։
1935ին, Մեծ Եղեռնէն 20 տարի ետք, Սարոյեան ամենայն պարզութեամբ դիտել կու տար, որ հայ ժողովուրդը շատ զոհեր տուաւ, իսկ բազմահազար դաշնակցականներ կռուեցան ու զոհաբերուեցան Հայաստանի ու հայութեան ազատագրման դատին։
Ուիլեըմ Սարոյեանի իմաստուն խորհրդածութեամբ՝ կարեւորագոյնը այն էր, որ Դաշնակցութեան մղած կռուին շնորհիւ՝ «այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ»։
Սարոյեանական յիշեցումներու շարքին այս առաջին ընդգծումը խորիմաստ պատասխան է նաեւ մեր օրերուն հայ քաղաքական միտքը խռովող, անցեալէն եկող եւ նորաբնոյթ ձեւակերպում ստացող բանավէճին, թէ՝ «Դաշնակցութիւնը ինչպէս որ անցեալին իր «կանխահաս» զինեալ պայքարով վտանգեց Հայաստանն ու հայ ժողովուրդին գոյութիւնը, այնպէս ալ մերօրեայ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի եւ հողային ու քաղաքական արդար հատուցման իր առաջադրանքներով՝ վտանգի տակ կը դնէ վերանկախացեալ Հայաստանի պետական կայացումն ու արմատաւորումը, որոնց երաշխիքը թուրքեւազերի մեր հարեւաններուն հետ ամէն գնով բնականոն յարաբերութեանց հաստատումն է եղեր…»:
«Ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով» հարցեր լուծելու Դաշնակցութեան ծրագրային վարքագիծը այսօր ալ իր վրայ կը կեդրոնացնէ հակադաշնակցական ուժերու գաղափարական ցեխարձակումները։
Այս առումով Սարոյեանի պատասխանը ուղղուած է նաեւ մերօրեայ այն բոլոր «իրապաշտներ»ուն, որոնք կը մերժեն յեղափոխական կռուի ուղին նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ժողովրդավարութեան անունով հաստատուած անազատ ու անարդար կարգերը օրինական պայքարի որեւէ այլ ճանապարհ չեն ձգեր իրաւազրկեալներուն եւ արդարներուն առջեւ…
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին մենք պէտք է կարենանք նորահաս մեր սերունդներուն ազգային յիշողութիւնը հարստացնել վաղուան աւելի պայծառ օրը կերտելու հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ։
Իսկ Ուիլեըմ Սարոյեանի յիշեցումը ճիշդ ա՛յդ նպատակին կը ծառայէ եւ ուղեցոյց է բոլորիս համար, որպէսզի պարբերաբար մտաբերենք, թէ՝
«Դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին ընել»։
Եւ Հայաստանը Հայաստա՛ն դարձնող «մեծ մարդոց» օրինակով՝ մեր պարտքը կատարենք Ազգին եւ Հայրենիքին հանդէպ ու չմոռնանք Սարոյեանի պատգամը.
«Գիտեմ, թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպարտ եմ»։