
«Ակունք»ը՝ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը տեղեկացնէ, որ Աբխազիա բնակութիւն հաստատած սասունցի հայերը փափաք յայտնած են այս տարի մագլցիլ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարաթուկ սարը, հայեր, որոնց պապերը տարիներ առաջ ապրած են Սասուն:
Աբխազիոյ Կակրա քաղաքին մէջ բնակող սասունցի հայերը կ՛ուզեն մասնակցիլ սուրբ համարուող Մարաթուկ լերան ամէնամեայ ուխտագնացութեան:
«Մեզի համար Մարաթուկ լեռը նոյնքան սուրբ է, որքան՝ Արարատը: Մարաթուկ սարի փէշերուն ապրած մեր պապերը տարիներ առաջ գաղթած են Ռուսիոյ զանազան շրջաններ: Մենք կ՛ուզենք այցելել մեր սրբավայրերը եւ յատկապէս Մարաթուկ լերան գագաթին գտնուող եկեղեցին: Երեւանէն ամէն տարի բազմաթիւ հայեր կ՛երթան Սասուն: Այս տարի Աբխազիայէն ալ շատ մը հայեր կը պատրաստուին սուրբ Մարաթուկ սարի ուխտագնացութեան», կը պատմեն աբխազաբնակ սասունցի հայերը: