ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ ռազմաճարտարարուեստի համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Քոնսթանթին Պիրիւլին Ուրբաթ, Մայիս 23ին յայտնած է, թէ Ռուսիա արդէն իսկ Ատրպէյճանին յանձնած է «Թի. 90» տիպի 100 հրասայլեր, ու հաւանական նկատած է, որ նոյնքան հրասայլ եւս աւելի ուշ մատակարարուի, «սակայն հրասայլերու երկրորդ խումբին շուրջ պայմանագիրը տակաւին չէ ստորագրուած»:
Ըստ «Իթար-Թասս»ի՝ Պիրիւլին այս յայտարարութիւնը կատարած է ռազմական արտադրութեանց «Քատեքս-2014» ցուցահանդէսին ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.