ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Արարատ տուն»ի ի նպաստ գործող կազմակերպութիւններու Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կազմակերպած է նստակեաց խաղերու օր մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, կ.ա. ժամը 10էն սկսեալ: Ճաշը պիտի մատուցուի կ.ե. ժամը 12:30ին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Թոլուքա Լէյքի «Լէյքսայտ Կոլֆ Քլապ»ի մէջ (4500 West Lakeside Dr.):
«Արարատ տուն»ի դրամահաւքի ձեռնարկ մը հանդիսացող այս նախաձեռնութեան մասնակցութեան սակը 45 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 425-4852 թիւին կամ alyous@yahoo.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.