ԵՐԵՒԱՆ.– 29 Մայիսին Երեւանի մէջ կատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային միութեան 7րդ Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ հայրենի արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ:
Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրել Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ինչպէս նաեւ գործակցութեան յուշագիր՝ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Ժողովին կը մասնակցին շուրջ 80 պատուիրակներ՝ աշխարհի 15 երկիրներէ։
Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 1 Յունիս, պիտի յստակացնէ համահայկական այս կառոյցին յառաջիկայ չորս տարիներու գործունէութեան ուղղութիւնները, կատարելիքներն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պիտի ընտրէ Համազգայինի նոր Կեդրոնական վարչութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.