
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով, Մայիս 28ին եւ 29ին, Լիբանան ապաստանած հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ ուղղուեցան սուրիական դեսպանատուն, ուր քուէարկեցին՝ ընտրելու համար Սուրիոյ յաջորդ նախագահը: Քուէարկութիւնը շրջանին մէջ ստեղծեց երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ դեսպանատան մէջ քուէարկած են մեծ թիւով սուրիացի քաղաքացիներ՝ աւելցնելով, որ քուէարկող քաղաքացիներուն պաշտօնական թիւը պիտի յայտարարուի Դամասկոսէն:
Ալի նաեւ շեշտեց, որ դեսպանատան մէջ քուէարկող սուրիացիներուն կողմէ կարեւոր պատգամ մը փոխանցուած է ամբողջ աշխարհին: «Սուրիացիները անակնկալի բերին բոլորը՝ իրենց երկրին նկատմամբ իրենց կառչածութիւնը ամրապնդելով: Անոնք խիտ շարքերով մասնակցեցան ընտրութիւններուն եւ քուէարկեցին ի նպաստ անոր, որ պաշտպանեց Սուրիոյ գերիշխանութիւնը: Անոնք կ՛ընտրեն բանակը, կ՛ընտրեն Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, կ՛ընտրեն իրենց կորսնցուցած ապահովութիւնն ու կայունութիւնը՝ տապալելու համար Սուրիան հարուածող ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ քաղաքացիները այս ընտրութիւնը կը նկատեն դէպի Սուրիա վերադարձի ճամբուն վրայ կամուրջ մը:
Յունիս 3ին՝ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեանց օրը, քուէատուփեր պիտի զետեղուին նաեւ սուրիական սահմաններուն վրայ: