ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ նշած է, որ Ուքրանիա որոշած է այսուհետեւ Ռուսիայէն կազ չգնել՝ բարձր գինին պատճառով: Ատոր փոխարէն, Քիեւ յոյս ունի կազ ստանալ Եւրոպայէն, իսկ հեղուկ կազ՝ Միացեալ Նահանգներէն:
«Ռուսիա կ՛ուզէ Ուքրանիոյ կազ վաճառել 500 տոլարով: Շատ լաւ, սակայն Ուքրանիան այդ կազը պիտի չգնէ. ատիկա անոր պէտք չէ», ըսած է Փորոշենքօ:
Նախապէս, Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ալեքսանտր Շլափաք յայտարարած էր, թէ Ուքրանիան Ռուսիոյ «ոչինչ պիտի վճարէ», եթէ չհաստատուի նախկին գինին շուրջ համաձայնութիւնը: Քիեւ նախապէս իւրաքանչիւր հազար խորանարդ մեթր կազը կը գնէր 268.5 տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.