
ՎԱՏԻԿԱՆ.- Արամ կաթողիկոսի եւ Ֆրանսիս պապի միջեւ Հինգշաբթի, Յունիս 5ին տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն ետք, անոնք ուղղուեցան Վատիկանի մեծ սրահը, ուր զիրենք կը սպասէին առաջնորդ սրբազաններ, կարտինալներ, եպիսկոպոսներ եւ վեհափառի այցելութեան առիթով Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն ժամանած բարերարներ ու ազգայիններ:
Խօսք առնելով՝ վեհափառը առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ իր հայրապետութեան շրջանին այցելութիւն կու տայ յաջորդական երեք պապերու՝ Յովհաննէս Պօղոս պապին (1997ին), Պենետիքթ պապին (2008ին) եւ այսօր՝ Ֆրանսիս պապին: Ապա վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ յատկապէս կիլիկեան շրջանէն սկսեալ, յատուկ յարաբերութիւն ու սերտ գործակցութիւն եղած է Հայ եկեղեցւոյ ու Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ: Պատմական այս անդրադարձէն ետք, վեհափառը իր խօսքը կեդրոնացուց տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան կարեւորութեան վրայ: Ան շեշտեց, թէ հակառակ եկեղեցական ու դաւանական բաժանումներուն, անհրաժեշտ է միասին գործել՝ միասնաբար դիմագրաւելու մարդկութիւնը յուզող տագնապները:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինով, վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ երկու կարեւոր հարցերուն.
ա.- Ան յիշեցուց պապին, թէ Միջին Արեւելքը լուրջ տագնապներէ կ՛անցնի, եւ անոնց հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան համար յաճախ մտահոգիչ են: Հակառակ այս իրողութեան, ըսաւ վեհափառը, եկեղեցիները կը մնան ամրօրէն կառչած Միջին Արեւելքին եւ հաւատարիմ՝ իրենց քրիստոնէական վկայութեան, քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն հանդէպ:
բ.- Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան յիշեց 1915ի Օսմանեան Թուրքիոյ ի գործ դրած Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ Սփիւռքի կազմաւորումը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն մէկուկէս միլիոն նահատակ տուաւ, այլ կորսնցուց իր եկեղեցիները եւ մշակութային ու հոգեւոր արժէքները, հետեւաբար՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իւրաքանչիւր հայու պահանջն է: Ապա աւելցուց, որ հայ եկեղեցին որպէս մարդկային իրաւանց պաշտպանն ու ջատագովը՝ միշտ ինքզինք նոյնացուցած է իր ժողովուրդի արդար իրաւուքներուն հետ: Վեհափառը, յիշեցնելէ ետք Ֆրանսիս պապին, թէ Սեպտեմբեր 1915ին Պենետիքթ ԺԵ. պապը սուլթան Մոհամմատ Ե.ին գրած նամակին մէջ դատապարտած էր հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող Ցեղասպանութիւնը՝ կոչ ուղղած է պապին վերջ տալու այսօր եւս գործադրուող հայ ժողովուրդի ջարդերուն: Ան աւելցուց, որ հայութեան ակնկալիքն է՝ «Դո՛ւք եւս, յառաջիկայ տարի, ձեր զօրակցութիւնը յայտնէք մեր ժողովուրդին, որ վստահաբար կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ մեզի համար»:
Ապա Ֆրանսիս պապը իր խօսքը ուղղեց վեհափառին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում կ՛ունենայ վեհափառին հետ: Ան յիշեց, թէ վեհափառը երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է միջեկեղեցական շարժումին, յատկապէս՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծիրէն ներս: Սրբազան քահանայապետը նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս գնահատանքով արտայայտուեցաւ վեհափառին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած կարեւոր նպաստին մասին:
Ֆրանսիս պապը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յիշեց, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը լեցուն եղած է հալածանքներով եւ նահատակութեամբ: Ան յիշեցուց քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ եւ ողջունեց անոնց միասնականութիւնը եւ Միջին Արեւելքին կառչած մնալու հաւատարմութիւնը:
Արարողութենէն ետք, վեհափառը, ընկերակցութեամբ առաջնորդներուն, ճաշի հիւրը եղաւ պապին: