ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ, Ազգային առաջնորդարան.- Երիտասարդ սերունդի հոգածու մօտեցումը յատկապէս մատղաշ սերունդի նկատմամբ, յուսադրիչ երեւոյթ ըլլալէ բացի, նաեւ գաղութի մը կենսունակութիւնը կ՛արտայայտէ եւ խաղաղ սերնդափոխութիւնը:
Երիտասարդութեան մօտ բարձրագոյն ուսման նախընտրութիւնը իր արեւելումը կը ստանայ առաւելապէս նիւթական ուղղուածութենէն՝ շահաբեր ճիւղերու ընտրութեամբ, որոնց մասնագիտութիւնը ձեռք բերելէ ետք, կարելի կ՛ըլլայ շուտով աշխատանքի ասպարէզ գտնել ու դրամ ապահովել:
Իմաստասիրական, գրական, աստուածաբանական եւ նման ճիւղերու ընտրութիւնը իւրայատուկ ուսանողներու վերապահուած բնագաւառներ դարձած են, որոնց ունեցած հետաքրքրութիւնը կա՛մ ժառանգաբար փոխանցուած է՝ ծնողներու ճամբով, եւ կամ սեփական նախասիրութեամբ անոնք հասած են այդ ընտրութեան:
Կիրակի, 1 Յունիս 2014ին, Թաւրիզի համալսարանի դասախօսութիւններու «Շահրիրար» դահլիճին մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ իւրայատուկ համագումար, նուիրուած թարգմանութեան նիւթին, որուն ընթացքին անգլերէն լեզուով ուսումնասիրական դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ թաւրիզահայ երիտասարդ ուսանող Առլէն Պատալեան, ներկայացնելով «Մանկական Գրականութեան Թարգմանութիւնը» այժմէական նիւթը:
Գիտութիւններու ամբիոնի վարիչ դոկտ. Տաշդ Բէյմայի ներածական խօսքով սկսած համագումարի ընթացքին հանդէս եկան համալսարանի դասախօսներ, որոնց արծարծած նիւթերը գիտական լուրջ մօտեցումով կ՛ընդգրկէին հետեւեալ բնագաւառները. «Փիլիսոփայութիւն եւ թարգմանութիւն», «Թարգմանութիւնը Իրանի մէջ՝ բարբառներու օժանդակութեամբ», «Մշակոյթ եւ թարգմանութիւն», «Սեռը եւ թարգմանութիւն՝ ֆեմինիզմի շրջագիծէն ներս», «Թարգմանութիւն եւ լեզուագիտութիւն»:
Թարգմանութեան ճիւղէն ներս ընդհանրապէս եւ մանկական գրականութեան թարգմանութեան բնագաւառին մէջ մասնաւորապէս խոստմնալից ուսանող Առլէն Պատալեան իր դասախօսութեան հիմքը դարձնելով 19-20րդ դարու մտածողները ու սոյն նիւթը զարգացնողները, վերոյիշեալ զոյգ դարերը ներկայացուց իբրեւ «Ոսկեդար»ը մանկական գրականութեան տրուած կարեւորութեան: Միջազգային ու համամարդկային գրականութեան զարգացման նպաստող սոյն թարգմանական սեռը առաւել եւս լուսաբանելով, Առլէն Պատալեան մէջբերեց սոյն բնագաւառէն ներս անուանի երախտաւորներ՝ Ռիթա Օիթինէի, Շաւիթ Զօհարիի, Կէօթէ Քլինկսպըրկի եւ Թինա Փուիթինէի ուսումնասիրութիւններէն առաջնորդող մտածումներ:
Իր դասախօսութեան վերլուծական բաժինով, Առլէն Պատալեան խօսեցաւ մանկական գրականութեան թարգմանիչի ներանձնական պատրաստութեան մասին, յատկապէս շեշտելով թարգմանիչին յարաբերութիւնը, ի՛ր իսկ ներսիդին գտնուող մանուկին հետ, ցոյց տալով, թէ լաւագոյն թարգմանութիւնը կը յաջողի կատարելու ան, որ կը յաջողի խօսիլ իր մանկութեան հետ, իսկ նոր ժամանակներուն, իր տեսած նկարներուն հետ երկխօսութեան ճամբով: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ շրջապատի մանուկներուն հետ անմիջական հաղորդակցութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, պահելու համար նիւթին այժմէականութիւնը:
Յայտնենք, թէ համագումարի աւարտին, Թաւրիզի համալսարանի Գիտութիւններու ամբիոնի վարիչ դոկտ. Բէյմա յատուկ գնահատագրով պատուեց թաւրիզահայ ուսանողը, գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան ներկայացման համար:
Այս առիթով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առլէն Պատալեանին, թեմի երիտասարդութեան համար պատուաբեր սոյն աշխատանքին համար. «Քանակային առումով փոքրաթիւ, սակայն որակային իմաստով արժէքաւոր ներկայութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյութիւնը փաստել, յատկապէս նոր սերունդի գիտական նուաճումներով, ի նպաստ Իրանեան հայրենիքին, մեր ազգին ու համայն մարդկութեան», ըսաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.