ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Յունիս 1ին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայկական Ցեղասպանութեան նորաբաց յուշահամալիրի տարածքին վրայ հաւաքուեցան հազարաւոր թուրքեր, իրենց բողոքը արտայայտելու համար այս յուշահամալիրի բացման դէմ։
Յիշեցնենք, որ յուշահամալիրը բացուած էր այս տարուան Ապրիլ 24ին։
Ոստիկանութեան տուեալներով՝ մօտաւորապէս երեք հազար թուրքեր երկրի զանազան վայրերէն ժամանած էին՝ մասնակցելու համար ցոյցին։ Ցոյցի կազմակերպիչներն էին Հոլանտայի թրքական զանազան կազմակերպութիւններ։ Թուրք ցուցարարները նաեւ պահանջած են քանդել յուշարձանը։
Հոլանտական մամուլը կը գրէ, որ Ալմելոյի քաղաքապետարանը թուրքերուն բացատրած է, թէ կարելի չէ ընդառաջել այս պահանջին, որովհետեւ համապատասխան լիազօրութիւն չունի: Քաղաքապետարանը նշած է, թէ յուշահամալիրի կառուցման արտօնութիւնը կատարուած է պատշաճ կերպով եւ թէ յուշարձանը կը գտնուի Ալմելոյի Հայաստանեայց եկեղեցիին պատկանող հողատարածքին վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.