Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հալէպի եւ յատկապէս հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանի օրըստօրէ սաստկացող ու անմարդկային տարողութեան հասած ահաբեկող ռմբահարումները: Քեսապի հայաթափումին յաջորդած այս ակներեւօրէն հակահայ գործողութիւններուն որպէս հետեւանք, արձանագրուած են մարդկային զոհեր, քանդուած կամ լուրջ վնասներ կրած են Նոր Գիւղի հայկական կառոյցները՝ վարժարաններ, առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները, միութենական կալուածներ, գործատեղիներ ու բնակարաններ: Մեծ թիւով ընտանիքներ դարձած են տնազուրկ: Կրկին անգամ վնասուած է ՍՕԽի Ազգային պատսպարանի շէնքը ու նաեւ շրջանի բնակչութեան առողջապահական ծառայութիւն մատուցող միակ դարմանատունը՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը թիկունք կը կանգնի Նոր Գիւղի մեր աղէտեալ հայրենակիցներուն, ակնկալելով համահայկական աջակցութիւն՝ հայրենի եւ սփիւռքեան քաղաքական ու դիւանագիտական մեր բոլոր ուժերէն:
Կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, միջազգային քաղաքական թէ ոչկառավարական մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող բոլո՛ր կողմերուն, անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու՝ վերջ դնելու համար թրքական մտայղացումով ու թելադրանքով կատարուած հակահայ ու անմարդկային յարձակումներուն:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ