ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան ժառանգորդը հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկը, որոշած է սերտօրէն գործակցիլ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով՝ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւին ընթացքին:
Այս նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ու անոր «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւի յանձնախումբի անդամները վերջերս հանդիպում մը ունեցած են Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկի ատենապետ Շանթ Մարտիրոսեանի հետ եւ քննարկուած են գործակցութեան կարելիութիւնները:
Շանթ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւին համար, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ հայութեան վերապրումին մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցած Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի բազմերես դերակատարութիւնը:
Մարտիրոսեան աւելցուցած է, թէ գործակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս 1915-1930 տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ցուցաբերած օժանդակութիւններուն վրայ, եւ շեշտած է, թէ այդ թուականէն ետք հիմնարկը շարունակած է ու կը շարունակէ իր մարդասիրական աշխատանքները Հայաստանի, Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Ան յայտնած է նաեւ, որ 2015ին, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի հարիւրամեակը պիտի նշուի Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկին կողմէ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մարտիրոսեանին, Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկի գործունէութեան ու անոր հարիւրամեակի տօնակատարութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցելուն համար՝ յոյս յայտնելով, որ վերոյիշեալ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արժանի կերպով մեծարել Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին կողմէ հայութեան մատուցուած հսկայական նպաստը:
«Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւի յանձնախումբի համաատենապետուհի Վանա Կիցինեան կ՛ըսէ, թէ հանդիպումը լաւ առիթ մը եղած է մօտէն ծանօթանալու համար Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին լայնածաւալ գործունութեան, իսկ համաատենապետուհի Ներմին Փախանեանս կ՛աւելցնէ, թէ այս համագործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երախտագիտական արշաւը հասցնել Միացեալ Նահանգներու հայ եւ ոչ հայ հատուածներուն:
Մարտիրոսեանի կողքին հանդիպումին մասնակցած են Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկի նախագահ դոկտ. Չարլի Պենճըմըն եւ արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Սթէյսի Վեն Տայն:
«Շնորհակալութիւն Ամերիկա. Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան մեծարում» խորագիրով նշեալ արշաւը նպատակ ունի լուսարձակի տակ առնել 1915-1923 տարիներու Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք մատուցուած նպաստները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ սահմանափակել Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը: Նշենք, որ Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ արհաւիրքի լուրերը սկսած էին աստիճանաբար ամերիկեան ափեր հասնելու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն կոչ ըրած էր Քոնկրեսին, որ թրքական ջարդերուն զոհ գացող հայութեան անմիջապէս օժանդակութիւն հասցնելու միջոցներ գտնէ: Այս դիմումէն ծնունդ առած մարդասիրական ջանքերը աւելի ուշ մկրտուեցան «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» անունով՝ քաջալերելով ամերիկացիները, որ օժանդակութեան ձեռք երկարեն հայութեան: Արշաւին շնորհիւ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ բացուած որբանոցներու ցանցով մը կարելի եղաւ փրկել Ցեղասպանութեան ականատես հարիւր հազարաւոր որբեր, մինչ մօտաւորապէս մէկ միլիոն ուրիշներ այլ տեսակի օժանդակութիւններ ստացան:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը, յաջորդաբար՝ Ապրիլին եւ Յունիսին, միաձայնութեամբ վաւերացուցին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան մատուցուած կենսական օժանդակութիւնները մեծարող եւ դրուատող բանաձեւը (թիւ 41):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.