
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Մայիս 11ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը՝ «Միջին Արեւելքի ապագայ վտանգներու վերլուծութիւնը՝ ամերիկեան եւ հայկական տեսանկիւնէն» խորագիրով: Դասախօսն էր քաղաքական գիտութիւններու փրոֆ. եւ USC համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի հիմնադիր դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեան:
Լինտա Ալեքսանեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց դասախօսին հարուստ կենսագրութիւնը՝ յիշելով նաեւ անոր ծառայութիւնները եկեղեցւոյ, որպէս դպրապետ-խմբավար: Ապա ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն ներքոյ բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը:
Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, դոկտ. Տէօքմէճեան մատնանշեց, որ երբ քաղաքականութեան մասին պիտի խօսինք եւ վերլուծումներ կատարենք, անաչառ ըլլալու համար անհրաժեշտ է, որ մէկդի դնենք մեր անձնական կարծիքները եւ դատենք անկողմնակալ կերպով: Ան նշեց, որ քաղաքականութիւնը ուղղակի կապուած է տուեալ երկիրի քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական վիճակներուն հետ, եւ այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է ուսումնասիրել տուեալ երկիրի աշխարհագրական դիրքը, անձնական եւ հաւաքական հոգեբանութիւնը, բնակչութեան աճի տատանումները եւ տնտեսական վիճակը: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ոչ միայն երկիրի ղեկավարին, այլեւ ղեկավար տարրին ուղղութիւնը: Օրինակ, Երիտթուրքերը, որպէս ղեկավար տարր, նոյն քաղաքական ուղղութեամբ կը շարժէին, որովհետեւ իրենց ետին ունէին հսկայ ամբոխ մը, որ ունէր իր իւրայատուկ սպասելիքները:
Ապա, փրոֆ. Տէօքմէճեան խօսեցաւ լրատուական արդի միջոցներուն մասին, որոնք հսկայական ազդեցութիւն ունին ժողովրդային զանգուածներու գաղափարախօսութեան վրայ: Անոնք կա՛մ տկար են եւ ենթակայ իշխող ղեկավարութեան, կա՛մ հզօր, ինչպէս Քաթարի «Ճազիրա» կայանը, որ շնորհիւ ուժանիւթի հարստութեան՝ կրցաւ այդ փոքր երկրին ձայնը լսելի դարձնել ամբողջ աշխարհին: Ապա, ան նշեց նաեւ կրօնքին ու կրօնական հաւատալիքներուն ունեցած շատ վտանգաւոր ազդեցութիւնը: Կանգ առնելով քարիւղին վրայ՝ դասախօսը ցոյց տուաւ անոր անէծք մը կամ չարիք մը ըլլալը, որովհետեւ անիկա մէջտեղ կը բերէ ղեկավար տհաս դասակարգ մը, որ կ՛իշխէ քարիւղի հարստութեան վրայ: Ըստ անոր՝ Միջին Արեւելքի գլխաւոր հարցերէն են՝ աղքատութիւնը, բնակչութեան ահռելի աճը, անգործութիւնը եւ կանանց ճնշուածութիւնը, որոնք իրենց հետ կը բերեն նոր խնդիրներ: Միջին Արեւելքը այժմ կանգնած է յարանուանական եւ դաւանանքային բաժանումներու ու հակամարտութիւններու առջեւ՝ արաբներու, պարսիկներու եւ թուրքերու միջեւ:
Ապա դոկտ. Տէօքմէճեան անդրարձաւ «մուճահիտ»ներուն, որոնք ստեղծուեցան Աֆղանիստանի մէջ, պայքարելու համար սովետական բռնագրաւումին դէմ, սակայն անոնք այսօր լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն Ամերիկային եւ Արեւմուտքին, որովհետեւ ծայրայեղականներու արագ աճը վտանգ դարձած է մեր ապահովութեան: Միաժամանակ, ան նշեց, որ արաբական աշխարհին մէջ սկսած է առաջ գալու արաբ ազգայնամոլութիւն մը, որ հեռու է կրօնամոլութենէն:
Ապա, յարգարժան դասախօսը կանգ առաւ Իրանի եւ Փաքիստանի ունեցած հիւլէական կարողութիւններուն վրայ՝ նշելով, որ Փաքիստանի ունեցած հիւլէական զէնքերը նուազ վտանգաւոր չեն Իրանի հիւլէական ծրագիրէն:
Դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Տէօքմէճեան կանգ առաւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու վրայ՝ նշելով, որ դժբախտաբար Հայաստան անկայուն վիճակ մը ունի եւ կը գտնուի Թուրքիոյ շրջափակման ճնշումին տակ: Ամերիկայի եւ Իրանի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ փոխյարաբերութիւնները իրենց դրական կամ բացասական ազդեցութիւնները պիտի ունենան Հայաստանի վրայ: Ամերիկան, թէեւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ է, այնուամենայնիւ պիտի գիտակցի, որ ոչ թէ Միջին Արեւելքը Ամերիկային կարիքն ունի, այլ ընդհակառակը՝ գերհզօր Ամերիկան Միջին Արեւելքին կարիքն ունի: Իսկ Միջին Արեւելքի քաղաքական բարդ իրադարձութիւններու մէջ, Հայաստանը պէտք է որդեգրէ նոր գործելակերպ, նկատի ունենալով քաղաքական նոր տուեալները: Բանախօսը շեշտեց միասնականութեան եւ մեր արդար իրաւունքներուն փոխարէն՝ Թուրքիայէն նիւթական փոխհատուցում պահանջելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ կոչ ընելով միշտ պատրաստ մնալու, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին սպառնացող որեւէ վտանգ:
Դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը պատասխանեց ներկաները յուզող բոլոր հարցումներուն: Շնորհակալութիւն դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեանին եւ վարձքը կատար դաստիարակչական յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)