
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը, այս եւ յառաջիկայ շաբաթավերջերուն պիտի գումարէ իր Շրջանային ժողովը:
Ժողովի գլխաւոր օրակարգերը կը հանդիսանան՝
ա.- Արժեւորում անցեալ երկու տարիներու գործունէութեան եւ գնահատում այդ գործունէութիւնը ղեկավարող մարմինին՝ Կեդրոնական կոմիտէին: Արժեւորումն ու գնահատումը կը կատարուին յետ նիւթաբարոյական տեղեկագիրի ընթերցման, հարցապնդումներու, բացատրութիւններու:
բ.- Գործունէութեան նոր ծրագիրներու քննարկումներ: Անշուշտ այս ժողովներուն յատուկ ծրագիրներ չէ որ կը մշակուին, այլ մօտեցումներու, ռազմավարութեան ուղենիշներն են, որոնք կը ճշդուին, որոնց հիման վրայ նոր ընտրուող Կեդրոնական կոմիտէն կը կազմէ աշխատանքային ծրագիր, զոր գործադրելու կը սկսի շրջանային մարմիններուն (կոմիտէներուն), յանձնախումբերուն ու շարքերուն միջոցաւ:
Այս օրակարգին տակ կը քննուին ընդարձակ ոլորտներ. համայնքի ներուժի հզօրացում, այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւն, Հայ Դատի աշխատանքներ, Հայաստանին ու Արցախին զօրակցութիւն, տագնապահար հայաշրջաններուն աջակցութիւն, նիւթական միջոցներու գոյացում, հայապահպանութիւն, ներկազմակերպական հարցեր, երիտասարդական-ուսանողական խնդիրներ, համակուսակցական պարտաւորութիւններ եւ այլն:
գ.- Նոր Կեդրոնական կոմիտէի կազմի ընտրութիւն:
Նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն անշուշտ տէր կը կանգնի իր նախորդին բոլոր պարտաւորութիւններուն ու յանձնառութիւններուն, մինչեւ որ անոնք հասնին իրենց լրումին: Շարունակականութեան սկզբունքի պարտադրանքները կը յարգուին, բայց եւ այնպէս, նոր մօտեցումներ անպայմանօրէ՛ն կ՛որդեգրուին, նախ՝ ժամանակի պահանջներէն մեկնելով, ապա՝ հին թէ նոր մարտահրաւէրները առաւել արդիւնաւէտ կերպով դիմագրաւելու նկատառումներով:
Ամբողջ ազգին ծառայելու, անոր իրաւունքներուն տէր կանգնելու կոչուած կուսակցութեան Շրջանային կառոյցի ժողովին յաջողութեան գրաւականը՝ իր շարքերու յանձնառութեան ոգիի ամրութիւնն է: