ՊԵՐԼԻՆ, «Տէօչը Վելը».- Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կ՛ահազանգէ, որ երկրագունդի տարածքին աւելի քան 20 միլիոն հոգի իբրեւ ստրուկ կը շահագործուի: Աշխարհի տարածքին ստրկային աշխատանքի անօրինական օգտագործումէն եկած ընդհանուր եկամուտը կը հասնի տարեկան 150 միլիառ տոլարի: Այդ թիւի շուրջ երկու երրորդը՝ 99 միլիառ տոլարը, կը գոյանայ մարդոց սեռային շահագործումէն: Ստրկութիւնը տարածուած է յատկապէս Ասիոյ մէջ, ուր զոհերու շարքին մէջ շատ բարձր է թիւը անոնց, որոնք կը շահագործուին սեռային նպատակներով: Ասիոյ կը յաջորդէ Հարաւային Ամերիկան, Հարաւային Եւրոպան եւ յետխորհրդային տարածքը:
Ստրուկներ կան նաեւ զարգացած նկատուող երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու տարածքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.