
ԱՐԱ ՋՈՒԼՃԵԱՆ
ՄՈՆԹՐՈԶ.- Հայ Քոյրերու վարժարանի համակարգիչի բաժանմունքը այս տարի ալ մեծ յաջողութիւններով աւարտեց իր դպրոցական տարին: 6-8րդ դասարանի աշակերտները, Մայիս 30ի երեկոյեան, մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին մարդամեքենաներու՝ «LEGO EV3 ROBO-TICS»ի աշխատանքները:
Իրենց համակարգիչի ուսուցիչին հակիրճ բացման խօսքէն ետք, ծնողներու եւ ուսուցիչներու բազմութեան զարմանքը զգալի էր, երբ տասնեակ մը մարդամեքենաներու խումբը սկսաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգը նուագելու: 10 աշակերտական խումբեր ներկաներուն ամփոփ կերպով բացատրեցին իրենց «robot»ին կատարելիք ճարտարագիտական զանազան աշխատանքները եւ ապա ցուցադրեցին իրենց ստեղծագործած ծրագիրները:
Բոլորն ալ, անխտիր, սքանչելիօրէն ամբողջացուցին իրենց ծրագիրները: Ծնողներն ու ներկայ հիւրերը մեծ տպաւորութեամբ հետեւեցան բոլորին եւ քաջալերեցին, որ անոնք աւելի մեծ յաղթանակներով շարունակեն իրենց աշխատանքը:
Յոյսով ենք, որ գալիք տարի անոնք հասնին աւելի մեծ նուաճումներու՝ մասնակցելով՝ First Lego League-ի մրցումներուն:
Ցուցահանդէսին մանրամասնութիւնները կրնաք տեսնել դպրոցի համացանցային կայքով՝ www.asamontrose.com հասցէին: