
Կեդրոնական Ափրիկեան հանրապետութեան մէջ ներկայիս կը բնակին սակաւաթիւ հայեր:
ԿԱՀի մայրաքաղաք Պանկիի մէջ կը գործէ հայկական փոքրիկ մատուռ մը, որ կառուցուած է լիբանանահայերու կողմէ: Մատուռի գոյութիւնը կը վկայէ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ հայերու թիւը մեծ եղած է:
ԿԱՀի վարչակարգը կազմաւորողը նոյնպէս լիբանանահայ եղած է: Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ ադամանդի առեւտուրով կը զբաղի պելճիքաբնակ, ծննունդով Հալէպէն Հայկ Արսլանեանը, որուն ընկերութիւնը Ափրիկէէն արտահանուող ադամանդի ծաւալներով աշխարհի մեծագոյններէն է: Հայկ Արսլանեան նաեւ Պելճիքայի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսն է: