
ՄԻՇԸԼ ՀԻԼԶ.- Մարտ 27ին տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, «Արարատ Տուն»ի հոգաբարձութիւնը որոշած է մէկ տարուան պաշտօնավըարութեան համար վերընտրել իր վարչութական կազմը, առաջնորդութեամբ ատենապետ Յովսէփ Կանիմեանի:
Ատենապետ Կանիմեան անցեալ տարի հոգաբաձրութեան ատենապետ ընտրուած էր, ու շինարարական յանձնախումբին հետ, համաատենապետութեամբ Նազար Աշճեանի, յաջողութեաբ իր լրումին հասցուցած էր «Արարատ Տուն»ի «Աւագեան» մասնաբաժինի կառուցման աշխատանքը, 25 անկողիննոց հիւանդապահական մասնաճիւղով մը հարստացնելով հաստատութիւնը:
Հոգաբարձութեան ժողովը դրուատած է Կամինեանի ներդրումը:
Վարչական կազմին վերընտրուած միւս անդամներն են՝ Նազար Աշճեան (առաջին փոխատենապետ), Նորա Համբար (երկրորդ փոխատենապետ), Նատիա Վերապեան (քարտուղար), Տեպի Աւետեան (քարտուղարի օգնական), Միքայէլ Սիւմէյեան (գանձապահ) եւ Ռան Նազելի (փոխգանձապահ):
Կանիմեան շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն, միաժամանակ դրուատելով հոգաբարձութեան բոլոր անդամներուն եւ «Արարատ Տուն»ի անձնակազմին կարեւոր ներդրումը, որ իր դերը ունի հաստատութեան յաջողութեան մէջ: