ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովին մէջ, որ յայտնի է նաեւ Հելսինքիի յանձնաժողով անունով, Չորեքշաբթի, Յունիս 11ին տեղի ունեցած է ամերիկա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն նուիրուած խորհրդակցութիւններ:
Խորհրդակցութեանց մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով օգնական Էրիք Ռուպըն:
Իր ելոյթին ընթացքին, Ռուպըն նշած է, որ Ամերիկա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներէն մէկը, իր կարելին կ՛ընէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման համար:
«Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին հանդիպելու մօտիկ ապագային, անցեալ տարուան Նոյեմբերի գագաթնաժողովին սկսած կառուցողական երկխօսութիւնը շարունակելու համար», յայտարարած է ան:
«Կը կարծեմ, որ կարելի է յառաջխաղացք ապահովել: Այժմ մեր նպատակն է յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպել նախագահներուն միջեւ հանդիպումը: Ես լաւատես եմ այդ առումով», աւելցուցած է Ռուպըն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.