
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ- Լոս Անճելըս գաւառի արուեստի թանգարանին (LACMA) նախաձեռնութեամբ, Յունիս 8էն սկսեալ տեղի կ՛ունենայ ամերիկահայ արուեստագէտ Ճան Ալթունի (Ալթունեան) ստեղծագործութեանց ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 14:
Ճան Ալթուն ազդեցիկ արուեստագէտ մըն էր 1950ականներէն սկսեալ մինչեւ սրտի կաթուածի հետեւանքով իր անակնկալ մահը՝ 1969ին, 43 տարեկան հասակին: Ան զաւակն էր Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած հայորդիներու:
Լոս Անճելըս գաւառի արուեստի թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին վերացական արտայայտչապաշտ շարժումին հետեւած Ճան Ալթունի մօտաւորապէս 70 գործերը, որոնք ի մի բերուած են զանազան թանգարաններէ եւ անձնական հաւաքածոներէ:
Ալթուն 1947էն 1949 տարիներուն յաճախած է «Օթիս» արուեստի հաստատութիւնը, 1947էն 1950՝ Լոս Անճելըսի Ձեւաւորման արուեստի կեդրոնը, իսկ 1950ին՝ «Շուինարտ» արուեսի հաստատութիւնը, զարգացնելով իր ձիրքերը: Անոր գործերուն նուիրուած ցուցադրութիւններ տեղի ունեցած են Սան Տիէկոյի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Նիւ Եորքի «Ուիթնի» թանգարանին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Քորքրըն» ցուցադրասրահին, Սան Ֆրանսիսքոյի գեղարուեստի թանգարանին, Փասատինայի «Պեքսթըր» թանգարանին եւ այլ ցուցադրասրահներու մէջ:
Նորագոյն ցուցահանդէսին առիթով, արուեստի քննադատ Քրիսթոֆըր Նայթ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Յունիս 11ի թիւին մէջ ծաւալուն յօդուած մը գրած է Ճան Ալթունի կեանքին եւ գործերուն մասին:
Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 857-6000 թիւին, կամ այցելել www.lacma.org կայքը: