ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի Մերձաւորարեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու ամպիոնի հայերէն լեզուի դասախօս դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան մեր ուշադրութեան յանձնած է Պետրոս Հաճեանի սոյն գրութիւնը: Հայերէնի տարածման գործին լծուած մտաւորականին համար, ուսուցիչ-հրապարակագիր Պետրոս Հաճեանի այս գրութիւնը յարգանքի առհաւատչեայ է նուիրական այս ասպարէզի երախտաւորներուն, զորս սիրելով, յարգելով, արժեւորելով՝ մեր պատանիներու աչքին բարձրացուցած կ՛ըլլանք անոնց դերն ու հեղինակութիւնը ընկերութեան մէջ, այդպիսով՝ նպաստելով ընդհանրապէս հայերէնի հանդէպ յարգանք ու սէր ներշնչելու ճիգերուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն գրութիւնը՝ արդէն իսկ դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, բարի արձակուրդ մաղթելով սիրելի ուսուցիչներուն.
Ուսուցիչը՝ իբրեւ դաստիարակ եւ իբրեւ սերունդներու միտքի ու հոգիի կազմաւորման համար շունչ սպառող անհատ, արժանի է անվերապահ յարգանքի եւ ակնածանքի, հայ ըլլայ թէ օտար: Կարեւորը այս պարագային, անկախ իր ազգային պատկանելիութենէն, իր ասպարէզն է, զոր իբրեւ աշխատանք կարելի չէ դասել ընթացիկ գործերու, սովորական եւ այլապէս յարգելի ա՛յլ զբաղումներու հետ:
Ի՞նչ է սակայն այդ ասպարէզը՝ ուսուցչութիւնը:
Մասնագիտութի՞ւն մը, որուն տիրացողը կրնայ գիտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ զարգացնել կամ կերպաւորել իրեն յանձնուած նախանիւթ մը՝ զայն վերածելով ընդունելի, մատչելի եւ օգտագործելի տարրի մը:
Արհե՞ստ մը, զոր կիրարկողը վարպետութեամբ, փորձառութեամբ կամ ճարտարութեամբ կրնայ իրեն վստահուած առարկայ մը սրբագրել, մաքրել, բարեկարգել, նորոգել կամ կատարելագործել՝ անոր վերադարձնելով իր նախկին կենսունակութիւնն ու կարողականութիւնը, կարենալ գործելու եւ կարենալ արտադրելու իր ուժականութիւնն ու ճկունութիւնը:
Ստեղծագործական կալուա՞ծ մը, ուր աշխատող անհատը՝ ի գին անձնամոռ տառապանքի, ի գին լուռ զրկանքներու եւ ինքնակամ զիջումներու, վսեմագոյն տարերքով ու խորացումով կը նուիրուի կեանքի ճշմարտութիւն մը երկնելու աշխատանքին:
Թէ կոչո՞ւմ մը արդեօք, որուն նուիրուած մարդը միակ դրամագլուխ ունի՝ իր սիրտը, այսինքն ներքին այն հարստութիւնը, որ կենարար է ու շինիչ՝ ուրիշներո՛ւն բաշխուելու, ուրիշներուն մատուցուելու իր ընդունակութեամբ ու սիրով:
Ներկայ ընկերային բարդ իրադրութեան մէջ ու միաժամանակ փարթամ, մեծ վերիվայրումներով ու մեծ ստեղծումներով հարուստ աշխարհի մէջ, մեզի կը թուի, թէ ուսուցչութիւնը համադրութիւնն է վերը յիշուած բոլոր ասպարէզներուն, ըսել կ՛ուզենք՝ ե՛ւ մասնագիտութիւն է, ե՛ւ արհեստ է՝ ազնուական իմաստով, ե՛ւ ստեղծագործական անսպառ ու փրկարար կալուած, եւ մանաւանդ ու անհրաժարելիօրէն՝ կոչո՛ւմ մը:
Ներկայ դաստիարակչական եւ կրթական բազմահանգոյց ու դժուարին աշխատանքին մէջ, ուսուցիչ մարդը պէտք է ըլլայ մասնագէտ մը, այսինքն օժտուած ըլլայ իր ասպարէզին յատուկ գիտութեանց եւ ծանօթութեանց մտապաշարով, հետեւի մարդոց ու աշխարհի ճակատագիրը վարող ընկերային, հոգեբանական, քաղաքական ու գիտական հոլովոյթներուն ու երեւոյթներուն, որպէսզի կարենայ տիրական հեղինակութեամբ դասարանը մագնիսացնել իր խօսքին հմայքով: Որպէսզի կարենայ կեանքի բացուող հոգիներուն մէջ հրահրել հմայուելու եւ սիրելու նման վեհ զգացումներ:
Պէտք է ըլլայ արհեստաւոր մը, ազնիւ իմացումով ճարտարագէտ աշխատող մը, որ կարենայ թերիներ սրբագրելու, նկարագիրի անկատար գիծեր հարթելու, հոգի եւ սիրտ կաղապարելու եւ կատարելագործելու իր ասպարէզը կիրարկել այն ճկունութեամբ, նրբութեամբ ու ճշգրտութեամբ, որոնցմով վարպետ վիրաբոյժը նշդրակը կը զարնէ ճիշդ տեղին:
Ուսուցիչը պէտք է ըլլայ նաեւ ստեղծագործ, որպէսզի կարենայ պեղել տակաւին անկերպ ու տակաւին թաքուն մանկական աշխարհը, դուրս հանել անկէ մարդկային առաքինութիւններու սաղմերը, միտքի եւ իմացականութեան հունտերը, աճեցնելու եւ կաղապարելու համար զանոնք՝ ի շահ մարդկութեան ու ազգին, ճիշդ ինչպէս հանքագործը կը պեղէ հողը՝ ոսկին կամ արծաթը դուրս բերելու համար անոր ընդերքէն:
Այս բոլորին հետ ու այս բոլորով մէկտեղ սակայն՝ ուսուցիչին մեծագոյն դրամագլուխը ու առաջատար մեծագոյն ուժը իր սէրն է հանդէպ մարդ անհատին, հանդէպ իրեն յանձնուած մանուկ հոգիներուն: Առանց այդ սիրոյն, դաստիարակ մարդը, որքան ալ զինուած ըլլայ գիտութեամբ, մասնագիտութեամբ կամ մասամբ նորին, չի կրնար հմայք ստեղծել, չի կրնար կամուրջ շինել իր եւ իր դասարանին միջեւ, հետեւաբար չի կրնար ուսուցչութիւնը կիրարկել ո՛չ իսկ իբրեւ արհեստ կամ զբաղում:
Ուսուցիչը պարտաւոր է սիրել իր աշակերտները, սիրել անոնց ամէնէն չարը, ամէնէն ծոյլը, տկարը, անքաղաքավարը ու սիրելով պայքարիլ չարին մէջ տեղ գտած չարութեան հունտին դէմ, արթնցնել ծոյլին կամքը, սրբագրել անքաղաքավարն ու անտաշը:
Այս անսահման, բուխ ու կրթիչ սէրն է, որ մասնագիտութիւն եղող, արհեստ կամ ստեղծագործական աշխատանք եղող ասպարէզը, որ ուսուցչութիւնն է, կը բարձրացնէ կոչումի բարձրութեան ու կոչումի վեհութեան: Եւ կոչումը գիտութիւն չէ անպայման, ծանօթութեանց ու գիտելիքներու պաշար չէ անպայման, այլ երգի ու աղօթքի նման ինքնաբուխ նուիրում:
Չենք ըսեր, որ դաստիարակչական կալուածը հեզասահ ու տագնապէ զերծ աշխատանք մըն է այլ ժողովուրդներու մօտ, սակայն մեզի համար, մեր ժողովուրդի ցաք ու ցրիւ բեկորներուն համար, մայրենի լեզուի, հայրենի սրբութիւններու, երգի ու հաւատքի փրկութեան գործին մէջ՝ հայ ուսուցիչին աշխատանքը կոչումէ աւելի աշխատանք մըն է, կոչումո՛վ նահատակուելու պարտք մը, եթէ կեանքէն աւելի թանկ բաներու համար կը մղուի մեր պայքարը:
Բոլոր ժողովուրդներու բոլոր ուսուցիչները սիրոյ պէտք ունին՝ նուիրուելու համար իրենց ասպարէզին, բայց հայ ուսուցիչը պէտք ունի սէրէն աւելի բանի մը՝ հերոսական ոգիի, ծառայելու համար իր դասարանին: