Ժողովրդավարութեան այբուբենը կը սորվեցնէ, թէ որեւէ ընդդիմադրութեան արժէքը կը կայանայ կառավարման աւելի բարեյոյս ընտրանք ներկայացնելու, նաեւ՝ իշխանաւոր վարչախումբը աւելի արդիւնաւէտ եւ վստահութիւն ներշնչող ղեկավար կազմով փոխարինելու ընդունակութեան, այլեւ արժանաւորութեան մէջ։
Հետեւաբար, կայացած ժողովրդավարութեանց մէջ բացառուած է, որ ընդդիմադրութիւնը իր վրայ վերցնէ գործող իշխանութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչելու հոգն ու նախանձախնդրութիւնը։ Ընդհակառակն՝ ընդդիմադրութիւնը որքան հետեւողական ըլլայ իշխանաւոր ուժին ձախողութիւնները հարուածելու եւ ժողովուրդին դժգոհութիւնները սրելու վարքագիծին մէջ, այնքան սատարած կ՛ըլլայ ժողովրդային հակակշիռով կառավարման ու իշխանութեան համակարգ ձեւաւորելու իր առաքելութեան մէջ։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ ընդդիմադրութիւնը սահմանումով իսկ կոչուած է կառավարող ուժին սխալները կամ թերացումները մերկացնելու, աւելի լաւ կառավարման պահանջով ժողովուրդը քաղաքացիական ու քաղաքական շարժման մղելու եւ, ժողովրդային ազդեցիկ ճնշման ուժի հնարաւորութիւնները ընդլայնելով, կառավարութեան քայլերը սրբագրելու կամ բարեկարգման ենթարկելու, մինչեւ որ ի վիճակի ըլլայ իշխանափոխութիւն իրականացնելու։
Այդպէս չէ, սակայն, Հայաստանի մէջ։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան 23ամեայ ժողովրդավարութեան կենսափորձով՝ որքան ալ արտասովոր ըլլայ, փաստօրէն իրականութիւն է, որ իր կոչումին տէր կանգնող ընդդիմադրութենէ զուրկ են մեր հասարակութիւնն ու պետականութիւնը։
Վերջին ապացոյց մը տրուեցաւ Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած Ընդդիմադիր Քառեակի հրապարակած 12 կէտնոց պահանջներու յայտարարագիրով։
Կառավարող իշխանութեան սխալները սրբագրելու զարմանալի նախանձախնդրութեամբ մը, ընդդիմադրութիւնը իր առաջադրած բարեկարգումները եւ պահանջները հիմնաւորեց այն տրամաբանութեամբ, թէ իշխանութիւնը ժողովուրդին վստահութիւնը վերաշահելու հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ, եթէ ընդդիմադրութեան հետ գործակցութեան եզրեր գտնէ եւ սատարէ 12 պահանջներու բաւարարումին։
Դժուար է հասկնալ, անշո՛ւշտ, որ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ընդդիմադրութիւնը կ՛ապրի իշխանութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերաշահելու հոգը…
Հարցը այդ չէ։
Հարցը ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու կամ վերաշահելու ժողովրդավարական մշակոյթին թիւր ընկալումն է, կամ՝ այդ մշակոյթին բացակայութիւնն է Հայաստանի ներքաղաքական դաշտէն։
Ո՛չ, խօսքը չի վերաբերիր ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչելու քաղաքական ամբոխավարութեան։
Այդ մարզին մէջ ուրիշներէ շատ բան սորվելու կարիք չունինք ընդհանրապէս։
Ընդհակառակն՝ ունինք ամբոխային տրամաբանութեամբ շարժելու եւ առաջնորդուելու ազգային ամբողջ մշակոյթ մը, որ յաճախ պատճառ դարձած է մեր ժողովուրդի հասարակական համերաշխ հիւսուածքի տկարացումին եւ կազմալուծումին։
Ամէն պարագայի, ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու կամ վերաշահելու ժողովրդավարական մշակոյթին թիւր ընկալումը կամ բացակայութիւնը ախտանշական խոր ու ծանրակշիռ նշանակութիւն ունին։
Օրակարգի վրայ կը բերեն ընդհանրապէս մեր երկրի քաղաքական վերնախաւին եւ ժողովուրդին միջեւ բացուած ու տարուէ տարի աւելիով խորացող վստահութեան պակասի, ուղղակի խորթացման խրամատը։
Ոչ միայն իշխանութիւնը չի վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը, այլեւ ընդդիմադրութիւնը ինք եւս զրկուած է քաղաքական ճնշումի եւ ազդեցութեան այդ գլխաւոր կռուանէն։
Աւելի՛ն. երբ նոյնինքն վստահութիւնը չկայ, ուրեմն ի՞նչ վստահութեան վերաշահումի մասին է խօսքը։
Այդ պատճառով ալ ուղղակի հեգնական կը հնչէ ժողովուրդին վստահութիւնը վերաշահելու մասին ամէն խօսք կամ ակնարկութիւն։
Ի՜նչ վստահութիւն վերաշահելու մասին է խօսքը, երբ ժողովուրդին վստահութիւնը երբեք չէ շահուած, որովհետեւ 1995ի խորհրդարանական եւ 1996ի նախագահական ընտրութիւններէն ի վեր, վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ կայացած համաժողովրդային բոլոր քուէարկութիւնները աւարտած են պարզապէս քաղաքական վերնախաւի վերարտադրումով… եւ ժողովուրդի կամքին ոտնակոխումով ու իշխանութեան թէ ընդդիմադրութեան նկատմամբ ժողովրդային վստահութեան պաշարի փոշիացումով։
Մինչ Ռուբէն Յովսէփեանի օրինակով գրողն ու մտաւորականը զարհուրանքով կը հաստատէ, թէ արտագաղթողները այսօր արդէն «փախչելով գնում են» հայրենի հողէն, մեր երկրի քաղաքական վերնախաւը կը շարունակէ ինքզինք օրօրել ժողովրդավարական կեանքի նմանակումով, բարօր Հայաստան կերտելու խոստումներով, իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն խաղալով եւ, ամէնէն ծանրակշիռը, ժողովուրդին մօտ իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան նկատմամբ վստահութիւն վերաշահելու երգեր հնչեցնելով…
Ո՜ւր մնացին 2013ի նախագահական ընտրութեանց ձախաւերութեան դասերը սորվելու եւ ըստ այնմ վաղը չսխալելու մասին շռայլուած խոստումները թէ՛ իշխանաւոր եւ թէ ընդդիմադիր ճամբարներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Ըստ երեւոյթին քաղաքական վերնախաւին ձեռք կու տայ, որ մեր հասարակութեան քաղաքացիական աշխուժութեան առումով մարտունակ տարրերը ներքնապէս կոտրուին, տկարանան իրենց քուէով համակարգային փոփոխութիւն նուաճելու ինքնավստահութեան մէջ, որպէսզի յուսահատութեան այս նոր ալիքին վրայ բազմանան շարքերը հայրենիքէն «փախչելով գնացող» պահանջատէր քաղաքացիներուն։
Հաւանաբար միայն այդ գինով մեր երկրի քաղաքական վերնախաւը կրնայ յոյս ունենալ, որ մեր հասարակութեան մէջ «մեծամասնութիւն» դառնան ընտրազանգուածի այն շերտերը, որոնք արդէն համակերպած են «անպարտելի» իշխանութեան ձեռքը համբուրելու եւ իրենց գլխուն վրայ դնելու…
Բայց մտահան պէտք չէ ընել, որ նոյնինքն ժողովրդարութեան միեւնոյն այբուբենով, սեփական ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը կոտրող եւ «թուքով փակցուած վստահութիւն» պարտադրող իշխանաւոր ուժը պատրաստ կ՛ըլլայ, ամենայն արագութեամբ ու հանգստութեամբ, համբուրելու եւ գլխուն դնելու ձեռքը այն արտաքին ուժին, որ ի վիճակի է աւելի բարձր իշխանութեան եւ ուժի դիրքէ սեփական կամքը պարտադրելու մեր երկրի իշխանութեան, ընդհանրապէս քաղաքական վերնախաւին եւ, այդ ճամբով, ամբողջ մեր ժողովուրդին։
Պարզ է, ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու կամ «վերաշահելու» նախապայմանը նոյնինքն ժողովուրդի կամքն ու ինքնավստահութիւնը յարգելու եւ ամրապնդելու յանձնառութիւնն է, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ նոր ժամանակներու հայութեան ներուժը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.