ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ուղեղը եզակի եւ շատ բարդ օրկան մըն է, որ կը ղեկավարէ մեր մարմինի ամբողջ գործունէութիւնները: Ան կատարելոգործուած եւ ամէնէն բարդ «համակարգի»չն է:
Անիկա ունի յատկանշական իւրայատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ճկունութիւն (plasticity) եւ տեղեկութիւններ ամբարելու անսահման կարողականութիւն:
Ուղեղը 60 տոկոսով կազմուած է ճարպէ: Անիկա մարմինի ամէնէն շատ ճարպ պարունակող օրկանն է:
Անիկա կը գործէ ուժգնութեամբ եւ բնական ձեւով՝ երբ առողջ է:
Ուղեղի առողջութեան եւ գործունէութեան անդրադառնալէ առաջ հարկ է, որ նախ խօսինք անոր կազմախօսութեան մասին:
Չափահաս անհատի մը ուղեղը կը կշռէ 1-2 քիլոկրամ:
Անիկա կը ներկայացնէ միլիոնաւոր ջղաբջիջներու ամբողջութիւն մը: æղաբջիջները գալարաւոր (convoluted) խմբաւորումներով կը կազմեն ծալքեր եւ փականներ (flaps):
Իւրաքանչիւր ջղաբջիջ կը հաղորդակցի միլիոնաւոր այլ ջղաբջիջներու հետ:
Ուղեղը շարունակ կը վերանորոգուի, եւ նոր ջղաբջիջներ կ՛արտադրուին, այլ խօսքով անիկա կ՛աշխուժանայ շարունակ, որպէսզի կարենայ պահել իր ճկունութիւնը:
Ուղեղը կազմուած է երկու խաւերէ՝ արտաքին խաւ կամ գլխախաւ (cortex) եւ ենթագլխախաւ (subcortex): Երկուքը կը գործեն միասնաբար՝ համադրուած ձեւով, որպէս մէկ ամբողջութիւն: Իւրաքանչիւրը ունի որոշ յատկութիւններ եւ դերակատարութիւններ:
Գլխախաւը կ՛առնչուի շատ մը բարդ գործողութիւններու որոնք կը կատարուին գիտակցօրէն եւ նպատակաւոր կերպով, օրինակ՝ մտածել, խօսիլ, յիշել, յղացումներ կազմել, հարցեր լուծել, մտիկ ընել եւ լսել, տեսնել ու հոգեվիճակներ ընկալել:
Ենթագլխախաւը կը գտնուի գլխախաւին յատակը: Անիկա կ՛առնչուի մեր ամէնօրեայ կատարելիք գործողութիւններուն, որոնք կը կատարուին ենթագիտակցութեամբ, օրինակ՝ մեքենագրել, հագուստ հագնիլ, ինքնաշարժ վարել:
Ուղեղը բաժնուած է երկու կիսագունդերու (hemispheres)՝ աջ եւ ձախ կիսագունդեր:
Ասոնք միացած են իրարու կամարաձեւ հիւսկէնով մը, որուն միջոցաւ տեղեկութիւնները կը փոխանցուին մէկէն միւսին:
Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը աջլիկ է, այսինքն՝ աջ ձեռքը կը գործածէ: Ասոնց լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը կը գտնուի ձախ կիսագունդին մէջ: Իսկ ժողովուրդին փոքրամասնութիւնը ձախլիկ է, այսինքն ձախ ձեռքը կը գործածէ: Ասոնց լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը կը գտնուի աջ կիսագունդին մէջ: «Տիրապետող-տիրող կիսագունդ» (dominant hemisphere) կը կոչուի այն կիսագունդը, ուր կը գտնուի լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը: Տիրապետող կողմը կեդրոնն է նաեւ տրամաբանութեան (logic) եւ վերլուծական (analytic) կարողականութեան: Ոչտիրապետող կողմը կեդրոնն է ոչ լեզուական տեղեկութիւններու, ինչպէս՝ չափ, ձեւ, ձայն եւլն.։
Իւրաքանչիւր կիսագունդ կազմուած է չորս բլթակներէ (lobes)՝ ճակատային (frontal), քունքային (temporal), առպատային (parietal) եւ ծոծրակային (occipital) բլթակներ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը գործելու յատուկ ձեւ եւ պարտականութիւն ունի: Ճակատային բլթակը առնչուած է անհատականութեան հետ, քունքայինը՝ լսողութեան, յիշողութեան եւ սորվելու հետ, առպատայինը՝ տեղի եւ դիրքորոշումի հասկացողութեան, աջի եւ ձախի հասկացողութեան, կարդալու, գրելու եւ կեդրոնացումի հետ: Իսկ ծոծրակայինը՝ տեսողութեան եւ տեսանելիի զանազանութեան հետ:
Իւրաքանչիւր կիսագունդի մէջ կը գտնուի ուղեղի ձիաձուկը (hippocampus), որուն պարտականութիւններն են՝ տեղեկութիւններու ամբարումը իր մէջ եւ կարեւոր տեղեկութիւներու փոխանցումը ուղեղի գլխախաւին, մասնաւորապէս հինգ զգայարանքներու տեղեկութիւնները, այսինքն՝ տեսողական, լսողական, դպչելու, համի եւ հոտառութեան զգացողականութիւնները:
Անիկա առնչուած է նաեւ սորվելու եւ յիշողութեան կարողականութեան:
Ուղեղին ստորոտը կը գտնուի ուղեղիկը (cerebellum), որ կը համադրէ մարմինին հաւասարակշռութիւնը:
Ուղեղաբունը (brain stem) կը համադրէ մարմինին ինքնագործ գործունէութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան անգիտակցօրէն, օրինակ՝ սիրտի բաբախումը, արեան ճնշումը, շնչառութիւնը եւ քունի ու արթնութեան հանգրուանները (sleep cycles):
Ուղեղը իր ամբողջութեամբ պէտք է առողջ վիճակի մէջ ըլլայ, որպէսզի կատարէ իր գործունէութիւնները բնական եւ արդիւնաւոր ձեւով:
Ուղեղը առողջ է եւ կը գործէ արդիւնաւոր ու բնական ձեւով հետեւեալ ազդակներու ներգործութեամբ.
Ա. Բաւարար չափով թթուածինի մատակարարում.
Բ. Բաւարար քանակութեամբ ածխաջրատի-շաքարի (carbohydrates ) եւ առողջապահական սննդանիւթերու մատակարարում.
Գ. Ուղեղի բջիջներու գրգռութիւն-արթնութիւն.
Դ. Միջավայրի ներդրում եւ ազդեցութիւն.
Ե. Կենցաղավարութիւն.
Զ. Հոգեկան ապրումներու որոնում։
Այս ազդակներու խախտումով ուղեղը կը կորսնցնէ իր առողջութիւնը, կ՛այլափոխուի անոր բնական գործունէութիւնը, եւ ի յայտ կու գան անբնական զանազան երեւոյթներ եւ հիւանդութիւններ:
Ուղեղը մարմինի օրկաններէն մինակն է, որ առաւելագոյն քանակութեամբ թթուածինի եւ շաքարի կարիքը ունի: Անոր կարողականութիւնը կը նուազի, երբ բաւարար քանակութեամբ թթ-ուածին եւ շաքար չստանայ:
Սիրտի իւրաքանչիւր բաբախումով դուրս մղուած թթուածինով եւ շաքարով յագեցած (saturated) արեան 25 տոկոսը կը հասնի ուղեղ, որ կը պահէ ուղեղը առողջ եւ անոր գործունէութիւնը՝ բնական: Ուղեղը կը ձախողի իր գործունէութեան մէջ, երբ բաւականչափ թթուածինով եւ շաքարով յագեցած արիւն չհասնի իրեն: Թթուածինի եւ շաքարի նուազ մատակարարումով տեղի կ՛ունենայ ուղեղային կաթուած (stroke), ինչպէս նաեւ ջղաբջիջներու վնաս, անդամալուծութիւն, անխօսութիւն, անհատականութեան փոփոխութիւն:
Ուղեղին բաւարար չափով թթուածինի մատակարարումը տեղի կ՛ունենայ թթուածինով յագեցած արեան շրջանառութեամբ (blood circulation): Արեան թթուածինով յագեցումը պայմանաւորուած է վերի եւ վարի շնչառական համակարգի բնական գործունէութեամբ: Իսկ արեան շրջանառութիւնը պայմանաւորուած է սրտանօթային համակարգի առողջ եւ բնական գործունէութեամբ: Այսինքն ուղեղին պէտք է բաւարար քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն:
Ապականած միջավայրի մէջ օդի թթուածինը կը նուազի, հետեւաբար ներշնչուած օդը բաւարար թթուածին չի հասցներ թոքերուն եւ ապա ուղեղին: Ուստի ապականած միջավայրերէ հեռու պէտք է մնալ:
Մարզանքը կը բարելաւէ սիրտի աշխատանքը եւ արեան շրջագայութիւնը, որ կը սնանէ ուղեղը առաւելագոյն չափով: Ուղեղը աւելի լաւ կը գործէ, կը մնայ առողջ ու երիտասարդ եւ կ՛ունենայ արդիւնաւոր գործունէութիւն, երբ շարժինք: Ուստի պէտք է ունենանք շարժուն կեանք եւ հետեւինք օրինաւոր ու հետեւողական ֆիզիքական մարզանքի: Այս նպատակին կը ծառայեն հետեւեալ միջոցառումները.
1. Ամէն օր կէս ժամ քալել.
2. Շաբաթը երեք օր մարզանք ընել տան մէջ կամ յատուկ կեդրոններու մէջ.
3. Տան պարտէզին մէջ օրական 1-2 ժամ աշխատիլ.
4. Պարել, ցատքել, վազել եւ լողալ։
Ուղեղին բաւարար քանակութեամբ ածխաջրատի մատակարարումը տեղի կ՛ունենայ ածխաջրատով յագեցած արեան շրջանառութեամբ: Ածխաջրատները ներծծուելով աղիքներէն կը մտնեն արեան շրջանառութեան եւ կը հասնին լեարդ, ուր նիւթափոխանակումի ենթարկուելէ ետք, դարձեալ կը մտնեն արեան շրջանառութեան: Ածխաջրատով յագեցած արիւնը կը մղուի սիրտէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ: Այս բոլորը պայմանաւորուած են սննդեղէններու պարունակած ածխաջրատներու քանակէն եւ որակէն, ինչպէս նաեւ բարակ աղիքներու, լեարդի ու սրտա-անօթային համակարգի բնական գործունէութենէն:
(Վերջը յաջորդիւ)