ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Խումբ մը հոգեւորականներ 21 Յունիսին այցելած են հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտեր: Արտերկրի մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կատարող սրբազան հայրերը այս օրերուն Հայաստան կը գտնուին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող միաբաններու հաւաքին մասնակցելու նպատակով:
Հայ–ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտին մէջ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցած են տուեալ հատուածի պաշտպանութիւնը կատարող զինուորներուն հետ: Ողջունելով հոգեւոր սպասաւորները՝ մարտական յենակէտի ղեկավար կազմը պատասխանած է զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն, ներկայացուցած է մարտական հերթապահութեան առանձնայատկութիւններն ու խնդիրները, առկայ սպառազինութեան տեսակները: Սրբազան հայրերը այցելած են նաեւ դիտակէտեր, հետեւած են դիրքապահ զինուորներու գործունէութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.