
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Յունիսին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:
Նախագահը վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ նախարարին այցելութիւնը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ կարեւոր քայլ պիտի դառնայ երկու պետութիւններու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման ճամբուն վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ բարձր մակարդակի այցելութիւններն ու հանդիպումները, կնքուած համաձայնագիրները հարստացուցած են երկկողմանի օրակարգը, եւ անոնց իրականացումը շատ լուրջ խթան պիտի հաղորդէ զանազան բնագաւառներու մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան։
Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, որ Հայաստան տրամադրուած է աշխոյժ եւ լուրջ աշխատանքի, քանի որ միայն նման մօտեցում մը կը համապատասխանէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ դաշնակցային ու ռազմավարական յարաբերութիւններուն:
Փոխանցելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները՝ Լաւրով հաստատեց, որ Փութին յանձնառու է այն համաձայնութիւններուն, որոնք տարբեր առիթներով կնքուած են։ Ան զեկուցեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ կայացած բանակցութիւններուն մասին, որոնց ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերու ամբողջ համակարգը, ընդգծուած է բոլոր ուղղութիւններով աշխոյժ աշխատանքը՝ թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով՝ օրակարգի առեւտրատնտեսական, ռազմամթերքի, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ, եւ թէ հայ–ռուսական բազմակողմանի համագործակցութեան առումով՝ առաջին հերթին ՀԱՊԿի, ուր Հայաստանն ու Ռուսիան դաշնակիցներ են եւ յուսալի բարեկամներ, ինչպէս նաեւ ԱՊՀի ծիրին մէջ: