
ԵՐԵՒԱՆ.– Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ պայքարելու միտումով փողոց իջած քաղաքացիները 23 Յունիսին փակեցին Սարեան փողոցը, ուր կը գտնուի Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը, որ նոյն օրը այս առնչութեամբ վերջնական որոշում պիտի տար։
Ոստիկանութիւնը միայն բռնի ուժ կիրարկելով յաջողեցաւ քաղաքացիները հանել իրենց նստած տեղերէն: Բազմաթիւ քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան, մնացածը շարունակեցին իրենց բողոքը։
Մինչ այդ ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժանմունք եկան Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեանը, ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեանը եւ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
Այնտեղէն դուրս ելլելու ատեն «Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արամ Մանուկեան յայտնեց, որ ոչ իշխանական խմբակցութիւններու քառեակը ոստիկանութենէն պահանջած է ազատ արձակել բերման ենթարկուածները: Ան նշեց, որ քառեակին կողմէ ներկայացուած այս պահանջը աննախընթաց է, որովհետեւ 4 ուժերը ցարդ միասնական պահանջ չեն ներկայացուցած:
«Մենք արձանագրել ենք, որ ոստիկանների կողմից կան խախտումներ, կիրառուել է բռնութիւն, ուժ, մարդկանց ապօրինի բերման են ենթարկել ոստիկանութիւն: Մենք այս կատարուածի մասին տեղեակ ենք պահել ոստիկանապետին եւ ասել ենք, որ բոլոր փաստերը, նիւթերը, որոնք նկարահանուել են դէպքի վայրում, ուղարկուելու են ոստիկանութիւն», նշեց Ա. Մանուկեան: Ան աւելցուց, որ իրենք ոստիկանութեան դիմելով պիտի չբաւարարուին, այլ բոլոր նիւթերը պիտի ուղարկեն ԵԽԽՎ հայկական պատուիրակութեան, ուր տեղի կ՛ունենայ ամառնային նստաշրջանը:
Պատասխանելով «Հետք»ի այն հարցումին, թէ արդեօք ատիկա կը նշանակէ, որ ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը գնահատակա՞ն պիտի տայ կամ յայտարարութի՞ւն պիտի կատարէ տեղի ունեցածին մասին՝ ան նշեց. «Իրենք կ՛որոշեն, թէ ինչպէս օգտագործեն տուեալ նիւթերը. եթէ հնարաւորութիւն ունենան, կը տարածեն, յայտարարութիւն կ՛անեն, բայց այն, որ մենք ամէն փաստ ուղարկելու ենք նրանց, դա միանշանակ է: Այնտեղ բոլոր պատգամաւորներն արդէն դէպքի մասին գիտեն»:
Աւելի ուշ 12 ցուցարարներ ազատ արձակուեցան, իսկ միւս մասը մնաց ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժանմունքին մէջ, ուր հաւաքուեցան խումբ մը գործիչներ՝ պահանջելով ազատ արձակել ձերբակալուածները։
Բերման ենթարկելու սահմանուած 3 ժամերէն 20 վայրկեան ետք ազատ արձակուեցան նաեւ միւս 2 ցուցարարները՝ Հայկ Ադամեանն ու Արսէն Մանուկեանը, որոնք նշեցին, որ վիրաւորուած էին ձերբակալութեան ընթացքին։