ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 Յունիսին ընդունած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնարկի եւ «Ակրօնիս» ընկերութեան հրաւէրով Հայաստան գտնուող ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընն ու աշխարհի բաժակակիր, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանը։
Հիւրերուն կարգին էին «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ»ու նոյն ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստան այցելած տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ գործող, աշխարհի մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած ընկերութիւններու՝ «Փարալելզ», «Ակրօնիս» ընկերութիւններու եւ «Սկոլկովօ» հիմնարկի ղեկավարները:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը նշած է, որ ծրագիրին նպատակն է Հայաստանը իր յաջողութիւններով ու առանձնայատկութիւններով ներկայացնել աշխարհին եւ զարգացման նոր կարելիութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ այդ եւ հեռանկարային շարք մը ոլորտներու մէջ:
Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ հիմնարկի առաքելութիւնը՝ ընդգծելով, որ մեծ պատիւ է Հայաստանի մէջ հիւրընկալել ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընը՝ նկատի առնելով նաեւ ճատրակի նկատմամբ Հայաստանի մէջ առկայ տրամադրութիւնը.
«Ուրախ եմ, որ այստեղ է նաեւ Լեւոն Արոնեանը: Նա մեր ժողովրդի պարծանքն է, եւ կարծում եմ՝ շախմատում Մագնուսի ամենաուժեղ հակառակորդը: Մենք, անշուշտ, մեծ յոյսեր ենք կապում Լեւոնի հետ, եւ առաջին հերթին նաեւ նրա շնորհիւ է, որ մեր փոքրիկ երկրից ընտրուած թիմը երեք անգամ դարձել է շախմատային օլիմպիադաների եռակի չեմպիոն: Շնորհակալ եմ նրան անչափ: Ի հարկէ, ուրախ եմ նաեւ, որ այստեղ հաւաքուած են մարդիկ, ովքեր մեծ յաջողութիւնների են հասել տեղեկատուական տեխնոլոգիաների բնագաւառում: Կարծում եմ, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամն այս նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ ճիշդ կէտին է ուղղել իր հայեացքը, ինչը ողջունելի է», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Մակնիւս Քարլսըն եւս մեծ պատիւ նկատած է, իր բնորոշումով, ճատրակային մեծ պետութեան՝ հիասքանչ Հայաստանի մէջ գտնուիլը. «Հայաստան գտնուած այս քանի մը օրուան ընթացքին տեսայ այն սէրը եւ խանդավառութիւնը, զորս հայ ժողովուրդը կը տածէ ճատրակի նկատմամբ: Կը կարծեմ, թէ Հայաստանը այսպիսի մօտեցումով եւ, յատկապէս, ճատրակը դպրոցական ծրագիրի մաս դարձնելով, հրաշալի օրինակ կը ծառայէ ամբողջ աշխարհին: Ասիկա շատ մեծ քայլ է», ըսած է ախոյեանը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի գիտական, կրթական ներուժին, ճատրակի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուած աշխատանքներուն ու զարգացման հեռանկարային ծրագիրներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.