
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Արցախ կատարած աշխատանքային այցելութեան արդիւնքները ներկայացուցած է լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին։ Ան յատկապէս անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման հեռանկարներուն եւ ներկայացուցած է ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
«Մենք իրականացնելու ենք ժամկէտային ու ծրագրային բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, եւ այդ առումով այս հանդիպումներն ու այցերը կարեւոր են: Հեռանկարային առումով բարձր եմ գնահատում Արցախի կառավարութեան աշխատանքը. կայ երկնիշ տնտեսական աճ, ինչը հնարաւորութիւն է տալիս տնտեսութիւնը զարգացնել, աշխատավարձերը բարձրացնել, սոցիալական, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան խնդիրները լուծել: Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարութիւնն իր առջեւ խնդիր է դրել, որ համագործակցութիւնն ամրապնդի եւ մենք ունենանք հզօր Արցախ ե՛ւ անվտանգութեան, ե՛ւ տնտեսութեան զարգացման առումով», նշած է Յովիկ Աբրահամեան:
Խօսելով, մասնաւորաբար գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ միացեալ ծրագիրներու մասին՝ Հայաստանի վարչապետը ըսած է. «Մեր գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններն ունեն բազմաթիւ ծրագրեր, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու Արցախի կառավարութեանը, որպէսզի լիարժէք օգտագործուեն հողային ռեսուրսները: Հայաստանում նոյնպէս պէտք է ակտիւացնենք եւ զարգացնենք գիւղատնտեսութիւնը, քանի որ մեր հողերի մօտաւորապէս 30 տոկոսը չի օգտագործւում»:
Այս ոլորտին մէջ կապերու աշխուժացման նպատակով վարչապետ Աբրահամեան համապատասխան յանձնարարականներ տուած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանին: Ան ընդգծած է, որ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններն ու ծրագիրները պէտք է համապատասխանեն առկայ կարելիութիւններուն եւ վստահեցուցած է, որ անոնք կարելի եղածին չափ շուտ կեանքի պիտի կոչուին: «Հայաստանի նոր կառավարութիւնն ամէն ինչ անելու է բոլոր ոլորտներում Արցախի հզօրացման համար: Դա մեզ համար առաջնահերթութիւն պէտք է լինի», նշած է վարչապետ Աբրահամեան: