ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 86 տարուան ընդհատումէ մը ետք, Թուրքիոյ ասորի համայնքը կը պատրաստուի բանալու ասորիներու առաջին դպրոցը։ Նախ պիտի բացուի մանկապարտէզ մը, ուր պիտի ընդունուին երեք-հինգ տարեկան փոքրիկներ, որոնք պիտի սորվին ասորիներու լեզուն։ Մօտիկ ապագային աշխատանք պիտի տարուի, որ բացուի նաեւ նախակրթարան մը։ Դպրոցը պիտի բացուի Եշիլգիւղի մէջ։ Ուսուցման համար արտասահմանէն պիտի բերուին ասորերէնով տպուած գիրքեր. փոքրիկները նաեւ պիտի ունկնդրեն ասորիներու երաժշտութիւն։ Ասորիներու հիմնարկի նախագահի տեղակալ Քենան Կիւրտալ յիշեցուց, որ ասորիներու դպրոցը գոցուած էր 1928ին եւ այդ օրէն ի վեր՝ ասորերէնը միայն եկեղեցիներու մէջ կը դասաւանդուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.