ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Սահմանային պահպանութեան եւրոպական գործակալութեան՝ «Ֆրոնթեքս»ի, տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու թիւը 2013ին սուր աճ արձանագրած է: 2013ին Եւրոմիութեան սահմանները ապօրինի միջոցներով անցնիլ փորձելու համար ձերբակալուած են մօտաւորապէս 107,000 անձեր, ինչ որ 34,500ով աւելի է 2012ի թիւէն: 2014ի առաջին չորս ամիսներուն, իշխանութիւնները արդէն իսկ ձերբակալած են 42,000 գաղթականներ, ինչ որ երեք անգամով կը գերազանցէ նախորդ տարիներու նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշները:
Գաղթականներու մեծագոյն հոսքը արձանագրուած է Իտալիոյ մէջ: 2014ի Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն, ծովու ճամբով այդ երկիրը մուտք գործել փորձած է աւելի քան 23,000 հոգի: Անոնցմէ շատերը եկած են անապահով նաւերով՝ Լիպիայէն եւ Եգիպտոսէն: Ամբողջ նախորդ տարուան ընթացքին, դէպի իտալական ափեր վտանգաւոր ճամբորդութիւն համարձակած էին կատարել 40,000 ապօրինի գաղթականներ:
«Ֆրոնթեքս» կը յայտնէ, որ 2013ին գաղթականները փորձած են Եւրոմիութեան տարածք մտնել Սուրիայէն, Էրիթրիայէն, Աֆղանիստանէն եւ Ալպանիայէն:
Գործակալութեան պաշտօնատարներուն կարծիքով՝ յառաջիկայ տարիներուն անօրինական ներգաղթը պիտի աճի, ու կ՛ակնկալուի, որ մասնաւորաբար, հիւսիսային Ափրիկէէն եւ Թուրքիայէն աւելի մեծ թիւով գաղթականներ փորձեն Եւրոմիութիւն մուտք գործել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.