ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցին շուրջ Թուրքիոյ կառավարութեան ու քրտական կողմին միջեւ հռչակուած «հաշտութեան գործընթաց»ը կը շարունակուի որոշ կաղացումներով։ Քրտական կողմը դժգոհ է, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերը չ՛առներ ու իրմէ սպասուածը ի գործ չի դներ հրապարակաւ։ Այնուհանդերձ, քիւրտերը անշուշտ ականջ տալով իրենց առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի յանձնարարութիւններուն՝ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի գործընթացը մէկդի չդրուի ու շարունակուի։ Քրտական կողմը միշտ կը պնդէ, որ հաշտութեան գործընթացին պէտք է օրինաւոր կարգավիճակ տրուի եւ այդ մասին օրէնքը քուէարկուի խորհրդարանին մէջ։
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու այս շաբաթ Տիգրանակերտի մէջ քիւրտերուն հաճոյք պատճառած էր՝ կրկնելով, որ հաշտութեան գործընթացին պէտք օրինական կարգավիճակ տրուի եւ գործընթացը պէտք է աւելի թափանցիկ դառնայ։ Քըլըճտարօղլու աւելցուցած էր. «Մեզի համար քրտական հարցին մէջ կարմիր գիծեր չկան. եթէ քիւրտերու հետ հաշտութեան գործընթացին գծով մեզի ալ պարտականութիւն յանձնուի, ապա սիրով կը կատարենք»։
Այս յայտարարութենէն ետք, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ ըսաւ, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ աւարտած է այս մասին պատրաստուած օրէնքի մը նախագիծը ու զայն բացած է նախարարներու ստորագրութեան, եւ անիկա «երկու երեք օրէն» պիտի դրուի խորհրդարանին օրակարգին վրայ։ Լրագրողներու յիշեցումին պատասխանելով՝ Աթալայ աւելցուց, որ այս մասին Քըլըճտարօղլուի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը «աժան» յայտարարութիւն մըն էր, այսինքն՝ ամբոխավարութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.