ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիական զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական բանակը վար առած է հետախուզական օդանաւ մը, որ թռիչք կը կատարէր Հալէպի հարաւը գտնուող Խան Թուման գիւղին վերեւը: Օդանաւը գրաւուած է, սակայն այդ մասին տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարուած:
Սուրիական բանակին կողմէ վերջերս գրաւուած Թել Ազզանի մէջ գտնուող հակաօդային զէնքերով վար առնուած է օդանաւը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.