
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը (Ծերակոյտը) Յունիս 25ին վաւերացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժեր օգտագործելու արտօնութիւնը չեղեալ նկատելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դիմումը։ Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահը Վիեննա կատարելիք պաշտօնական այցելութենէն առաջ, Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի յղած էր նամակ մը՝ առաջարկելով չեղեալ նկատել «Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օգտագործման մասին» խորհուրդին որոշումը: Ըստ անոր՝ ատիկա կատարուած է Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ այդ հարցին շուրջ եռակողմ բանակցութիւններու առիթ տալու համար:
Յիշեցնենք, որ Դաշնակցային խորհուրդը Մարտ 1ի արտակարգ նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրած էր Ռուսիոյ զինեալ ուժերը Ուքրանիոյ տարածքին մէջ օգտագործելու մասին Փութինի դիմումը:
Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ դրուատեց Փութինի սոյն քայլը եւ Դաշնակցային խորհուրդին որոշումը՝ զայն Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ իրավիճակի կայունացման նպատակով առնուած առաջին գործնական քայլը նկատելով։