
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Ստեփանակերտի օդակայանը սկսած է գործելու։ Համապատասխան տեսաերիզներ կային արդէն համացանցին վրայ, Ատրպէյճանի մէջ ջղագարութեան ալիք բարձրացուցած է։
«Նիուզ»ը խնդրած է Լեռնային Ղարաբաղի «Քաղաքացիական աւիացիայի վարչութեան» (ՔԱՒ) ղեկավար, վաստակաւոր օդաչու Դմիտրի Աթբաշեանէն, որ անդրադառնայ համացանցին վրայ շրջան ընող թռիչքի տեսաերիզներուն։ Ան նշած է, որ տեղադրուածները առաջին թռիչքները չեն ներկայացներ: «Հիմա նոյնպէս չուերթներ են իրականացւում», յայտնած է ՔԱՒի ղեկավարը։
Ան շեշտած է սակայն, որ ներկայիս կանոնաւոր ուղեւորափոխադրութեան մասին խօսք չկայ: «Կադրերում մեր ինքնաթիռներից մէկն է: Թռիչքը կապուած էր աւիացիոն-քիմիական աշխատանքների հետ», նշած է Դմիտրի Աթբաշեան՝ աւելցնելով, որ մասնաւոր պարագաներու նաեւ զբօսաշրջային եւ մարզական թռիչքներ կը կատարուին։