
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Շաքարի կողքին ուղեղը պէտք ունի զանազան այլ սննդանիւթերու, որպէսզի մնայ առողջ եւ կատարէ իր լրիւ գործունէութիւնը:
Գոյութիւն ունին զանազան ձեւի սննդականոններ, որոնք բոլորը կը միտին մէկ նպատակի՝ վնասակար սննդանիւթեր բնաւ չսպառել, այլ բաւարար քանակութեամբ առողջապահական սննդանիւթեր օգտագործել, օրինակ՝ կերակուրներ, որոնք կը պարունակեն.
1.- Առատ բնասպիտներ.
Ասոնք կը գտնուին սեւ միսի, հաւու միսի, ձուկի, հաւկիթի, կաթնեղէնի՝ մածունի, կաթի, պանիրի եւ խտացուած մածունի մէջ։
2.- Չափաւոր եւ առողջապահական ածխաջրատներ.
Ասոնք կը գտնուին ցորենի, գարիի (barley), արօտախոտի (rye grain) եւ վարսակի (oat) մէջ։
3.- Նուազագոյն չափով ճարպեր.
Լաւագոյն ճարպերէն են՝ ձիթաիւղը, բանջարեղէնի իւղը, եգիպտացորենի իւղը եւ սոյայի ու քանոլայի իւղերը:
4.- Բաւարար Օմեկա-3, որ առաւելաբար կը գտնուի ձուկի մէջ։
5.- Բաւարար կենսանիւթեր եւ «ֆայպըր»։
6.- Առատ բանջարեղէն եւ պտուղներ։
7.- Չոր ընդեղէն, կաղին եւ ընկոյզ։
Խիստ կարեւոր է առաւօտեան նախաճաշը, որպէսզի ուղեղին հասնի բաւարար սննդանիւթերով եւ շաքարով յագեցած արիւն:
Ուղեղը ենթակայ պէտք ըլլայ զանազան տեսակի շարունակական գրգռութիւններու, որպէսզի բջիջները մնան միշտ արթուն եւ գործօն, ու տեղի ունենայ առաւելագոյն չափով նոր տեղեկութիւններու ամբարում: Մտային, իմացական եւ ճանաչողական գրգռութիւնը այս գրգռութիւններուն կարեւորագոյնն է, որ տեղի կ՛ունենայ զանազան միջոցներով, օրինակ՝
1.- Նոր գիրք մը կարդալով.
2.- Տեսաերիզ մը դիտելով, նոր տեղեկութիւններ հաւաքել.
3.- Երաժշտութիւն ունկնդրելով.
4.- Նկարչական ցուցահանդէսներու ներկայ ըլլալով.
5.- Թանգարաններ այցելելով.
6.- Թատրոններու եւ պարարուեստի ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով.
7.- Բառախաղի մասնակցելով.
8.- Գծելու դասընթացքի հետեւելով, գծելով եւ քանդակելով.
9.- Խօսակցական յարաբերութիւն ունենալ՝ խօսելով շրջապատի մարդոց հետ.
10.- Համակարգիչ գործածելով.
11.- Քիմքը գործածել՝ համտեսելով նոր կերակուրներ եւ սննդանիւթեր։
Այլ խօսքով՝ գործածել բոլոր զգայարանքները, որոնք ուղեղին կը հաղորդեն տեղեկութիւնններ: Զգայարաններու գործածութեամբ ուղեղը կը մնայ արթուն եւ գործօն։
Ողեղը կ՛ազդուի միջավայրի նեդրումներով եւ կը համակերպի անոնց: Այս բոլորը կը սկսին սաղմային կեանքին ընթացքին:
Միջավայրի եւ շրջապատի զանազան ազդակներ մեծ ազդեցութիւն ունին ուղեղի ճկունութեան վրայ: Այս ազդակներէն կարելի յիշել.
Ա. Հեռատեսիլի յայտագիրները, որոնք հարուստ են՝
ա. Սիրային տեսարաններով՝ գգուանք (hug) եւ համբոյր
բ. Ահազդու տեսարաններով
գ. Վախազդու վիճակներով
Բ. Հարազատի մը կամ բարեկամի մը կորուստը.
Գ. Մարդոց խօսակցութեան նիւթը, ձեւը, ձայնի զօրութիւնը.
Դ. Զգացական յուզումնալից կացութիւններ.
Ե. Ուրախալի կամ ցաւալի լուրեր՝ ընկերային, ազգային եւ եկեղեցական իրադարձութիւններ.
Զ. Ընկերային կեանք։
Ընկերային կեանքը կը նմանի մեծ գրադարանի մը, որ տեղեկութիւններու շտեմարան է: Անիկա պէտք է դառնայ կեանքի մնայուն դպրոց եւ ուղեցոյց: Ընկերային կեանքի մշակումը եւ զարգացումը կը պահէ անհատը արթուն: Այս մէկը կ՛իրականանայ զանազան միջոցներով, օրինակ՝
1.- Գործօն մասնակցութեամբ ընկերութեան մէջ.
2.- Անդամակցութեամբ մշակութային կազմակերպութիւններու.
3.- Մնայուն ներգործութեամբ շրջապատին հետ՝ կարծիք յայտնել, խօսիլ, զրուցել ուրիշներու հետ, մասնակցիլ վիճաբանութիւններու.
4.- Հերթական այցելութեամբ եկեղեցի, ակումբներ, կեդրոններ, թանգարան, ցուցասրահներ.
5.- Ներկայութեամբ համայնքային ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու.
6.- Ընտանեկան հաւաքական ընթրիքներու կազմակերպումով՝ ժամանց եւ խաղեր.
7.- Բարեկամական եւ ընկերային այցելութիւններով եւ հաւաքոյթներով.
8.- Ընկերային հաւաքական պտոյտներով։
Մեր ապրելակերպը, կենցաղը եւ հոգեկան ապրումները մեծապէս կ՛առնչուին մեր ուղեղին առողջութեան հետ: Ներկայ դարու արագընթաց եւ ճնշուած կեանքը կը յոգնեցնեն ուղեղը եւ կը տկարացնեն անոր կարողականութիւնը: Հետեւաբար, մեր ուղեղը առողջ պահելու համար պէտք է պարզեցնենք մեր կեանքի ընթացքը եւ կենցաղը ու պէտք է հետեւինք կեանքի որոշ ուղիներու, օրինակ՝
1.- Ըլլալ հանդարտաբարոյ.
2.- Հարցերը լուծել խոհականութեամբ.
3.- Հրաժարիլ կեանքի արագընթաց սովորութիւններէն.
4.- Հետեւիլ խոկումի (meditation).
5.- Ապրիլ հանդարտ, օրինաւոր եւ խաղաղ կեանք մը՝ ճնշուածութենէ հեռու.
6.- Ըլլալ լաւատես եւ ուրախ.
7.- Մշակել առողջ ընկերային փոխյարաբերութիւն.
8. Ունենալ անձնական վայելքի ժամեր շաբաթական դրութեամբ.
9. Օգնել ուրիշին՝ կարօտեալին, հիւանդին, անկարին.
10. Ըլլալ ուրախ եւ գոհանալ Աստուծոյ պարգեւած շնորհներով։
Վերոյիշեալ բոլոր նախադրեալներու կողքին կան շատ մը այլ ազդակներ, որոնք կը նպաստեն ուղեղի առողջութեան:
Այս կապակցութեամբ կ՛ուզեմ կատարել կարգ մը թելադրութիւններ.
1.- Բնաւ չծխել, որովհետեւ ծխախոտի գործածութեամբ ուղեղի զարկերակները կը նեղնան եւ ուղեղի արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի: Հետեւաբար ուղեղի կարողականութիւնը կը նուազի.
2.- Ալլքոլ քիչ գործածել.
3. Քնաբեր դեղեր չգործածել.
4.- Լաւ քնանալ՝ նուազագոյնը 8 ժամ, որովհետեւ քունը կը հանգստացնէ ուղեղը եւ ուղեղի բջիջները առողջ կը պահէ: Անբաւարար քունով ուղեղի բիջները կը դադրին գործելէ եւ կը մահանան.
5.- Քնանալ դէմքը բաց ձգելով, այսինքն՝ չծածկել գլուխը վերմակով, որովհետեւ երբ ծածկուած ըլլայ վերմակով, արտաշնչուած բնածուխի երկթթուն (CO2) կը կուտակուի վերմակին տակը, եւ ներշնչուած օդը թթուածինով նուազ յագեցած կ՛ըլլայ եւ աւելիով յագեցած կ՛ըլլայ բնածուխի երկթթուով.
6.- æանալ գերջերմութիւն չունենալ, որովհետեւ գերջերմութեամբ կը նուազի ուղեղի կարողականութիւնը.
7.- Ապրիլ վտագներէ եւ արկածներէ հեռու, ապրիլ ապահով վայրեր.
8.- Ապրիլ մաքուր մթնոլորտի մէջ եւ ապականած վայրերէ հեռու.
9.- Ուշադիր ըլլալ ընդհանուր առողջութեան՝ չգիրնալ, շաքարախտ եւ գերճնշում չունենալ.
10.- Չմեկուսանալ՝ մենակեաց կեանքը առողջութեան թշնամին է.
11. Անշարժ չմնալ, միշտ շարժիլ։
(Շար. 2 եւ վերջ)