ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այսօրուան զարգացած աշխարհին մէջ, կրթութեան իւրաքանչիւր ճիւղի մասնագիտութիւնը արժէքաւոր կը նկատուի: Դէպի զարգացում, դէպի յառաջդիմութիւն, դէպի նոր նուաճումներ ընթանալու լաւագոյն ձեւը եւ ուղին՝ մասնագիտացումն է:
Հակառակ համաշխարհային սոյն ուղղուածութեան եւ ընդհանուր արեւելումին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ ամէնէն զարգացածներուն պարագային, ու մանաւանդ բարձր կրթութիւն ստացած անձնաւորութիւններու կողմէ կը հանդիպինք այս «օրէնք»ը խախտելու բազմաթիւ օրինակներու:
Պետութիւններու եւ կառավարական հիմնարկներու կողմէ իրականացուած ամէն գործողութիւն, ատիկա ըլլայ ստեղծուած խմբաւորում կամ գաղտնի սպասարկութեան աշխատանքներ, յատկապէս ներկայ աշխարհի ապահովական իրավիճակը նկատի ունենալով, անկասկած ընդունելի կը համարենք: Անոնք երբեմն ամէնէն խեղճ նկատուած, կամ տգէտ ու թերաճ համարուող անձնաւորութիւնները գիտեն լաւագոյնս օգտագործել իրենց հետազօտական նպատակները իրականացնելու կամ քրէական տարբեր աստիճանի յանցագործներ քօղազերծելու համար: Ասիկա անհասկնալի կը դառնայ այն ատեն, երբ հասարակական ամէնէն անխոցելի հաստատութիւններէ ներս, ինչպէս ընկերային հիմնարկներ, մարդասիրական կազմակերպութիւններ, ժողովուրդի մտաւոր զարգացման նուիրուած կեդրոններ ալ իրենց մէջ ընդունին կամ ձեւաւորելով կազմաւորեն մարդիկ, որոնց ուսումնական առաջին ու վերջին վկայականը տգիտութեան մասնագիտութիւնն է, տգէտ դասախօսներու կողմէ ստորագրուած ու վաւերացուած: Ուրեմն արդիւնքը սկիզբէն իսկ հաստատուած է ու կնքուած իբրեւ ձախող աւարտ, որուն ո՛չ ծրագիրը յայտնի էր, ո՛չ ալ առաքելութիւնը: Գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար այդ տեսակ մարդիկ կազմաւորողը եւ հասարակութեան կեանքին մէջ զանոնք ցանողը, Աւետարանի բացատրութեամբ այն «թշնամին» է, որ գիշեր ատեն գալով որոմ կը սերմանէ ցորենի արտին մէջ (Հմմտ Մտ 13.25-40):
Ողբերգութեան առաջին արարն է այս սակայն: Մինչեւ օրս մեզի այնպէս կը թուար, թէ տգէտը վկայուելէ ետք, ա՛լ ուրիշ աստիճաններ բարձրանալու ձգտում չ՛ունենար: Սակայն սխալած ենք եղեր: Տգիտութեան պարագային ալ աստիճաններ ու բարձրացումներ գոյութիւն ունին, երբ երկար տարիներ «տգէտ ստրուկ»ի կարգավիճակը կրնայ աստիճանի բարձրացումով դառնալ «տգէտ խորհրդական»ի կարգավիճակ: Այստեղ արդէն տեղի կ՛ունենայ դերերու փոփոխութիւն: Ակադեմական կարգավիճակը շնորհողը կը դառնայ աշակերտ, իսկ տգիտութեան բարձրագոյն աստիճանը նուաճողը՝ բնազանցութեան ուսուցիչ: Ընթերցանութեան յատուկ մտաւորական ակնոցներու խորհրդաւոր ծայրամասերէն հանգամանաւոր նայուածքներ, սիւնազարդ գաւիթով ճեմարաններու յատուկ քայլուածքներուն ընկերացող լրջախոհ յօնքեր, փորձառու մարդոց յատուկ կորաքամակ կեցուածքներ եւ այլ խորհրդանշական կապկումներ պարզապէս քանի մը արտաքին երեւոյթներն են, ճանչնալու կազմաւորուած տեսակը ա՛յն մարդուն, որուն ամբողջ գիտութիւնը կարելի է ամբարել թուզի կուտի մը մէջ: Մեզի համար այդքան նեղ թուացող ամբարը, սակայն, վերոյիշեալ կազմաւորումը ստացած մարդուն հայեցողութեամբ Շիրակի ամբարներէն ալ աւելի լայն ու ընդարձակ կը համարուի: Թուզի աննշան կուտին չափ նեղ սահմաններ ուրուագծեցինք նման մարդու ուղեղին համար, տեսնելով ինքնուրոյնութեան պակասը անոր մօտ: Այստեղ ո՛չ մէկ գործունէութիւն կարելի է պատկերացնել սեփական ուղեղի: Այնտեղ կը գտնուին միայն ուրիշներու խօսքերը, արտայայտութիւնները, տեսակէտները, որոշումները, քննադատութիւնները, մինչեւ իսկ նախասիրութիւնները: Ուրեմն, ամբողջութեամբ պարապ ուղեղ է հարկաւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ վերոյիշեալ բոլոր նիւթերը տեղադրել այնտեղ: Ահա թէ ինչպէս տգէտը կը դառնայ «իմաստուն» ու բնազանցագէտ, որ կրնայ կեանքի բոլոր երեւոյթներու մասին հանգամանաւոր կարծիք արտայայտել, սակայն առանց իր սեփական խօսքը կամ տեսակէտը ունենալու: Այն ինչ որ դուրս կու գայ տգէտ «իմաստուն»ին բերնէն, ատիկա անկասկած ուրիշներու խօսքն է ու վճիռը, որուն կարեւորութիւն տուող իմաստունը կը դառնայ նոյնքան «իմաստուն-տգէտ»:
Թուզի կուտին մէջ ամբարուած այս ամբո՜ղջ իմաստութիւնը ունեցողին այնպէս կը թուայ, թէ ո՛չ միայն իրեն ակադեմական բարձրագոյն աստիճան շնորհած անձը, այլ նաեւ իր շրջապատի բոլոր մարդիկ, ինչպէս նաեւ աշխարհի ղեկավարներ պէտք է դիմեն իր խորհրդատուութեան: Որոշ ճամբայ կրնայ կտրել ան իր այս արկածախնդրութեան ընթացքին, որովհետեւ անոր ստացած հովանաւորութիւնը մինչեւ որոշ տեղ կրնայ առաջնորդել զինք: Իսկ յետոյ երբ ուղեղին մերկութիւնը չկարենայ իր ամօթոյքը ծածկել, ծաղր ու ծանակ կը դառնայ ո՛չ միայն իր շրջապատին մէջ, այլ աշխարհով մէկ:
Թէ ինչպէ՞ս կարելի է ոչնչացնել նման խրտուիլակի մե՜ծ ուղեղին պարունակութիւնը: Շատ հեշտ գործողութիւն մը կը պահանջէ ատիկա. պարզապէս աղօրիք ատամի մը տակ ճզմել այն թուզի կուտը, որուն մէջ կը յուսար ունենալ ան համայն աշխարհի համար իր ամբարած իմաստութիւնը, որով կը յուսար նաեւ կառավարել մեզ բոլորս…
Վերջապէս մէկը պէտք է արթնցնէ նման թշուառականներ, յիշեցնելով անոնց ու գծելով այն սեղմ պարունակը թուզի կուտին, որուն մէջ ամբարած են իրենց ամբողջ գիտութիւնը: Դեռ, պէտք է մէկը արթնցնէ զանոնք, յիշեցնելով թէ ժամանակները կրնան փոխուած ըլլալ, ու իրենց այդ գիտութիւնը պէտք է յաճախակի որակաւորման ենթարկեն: Սակայն հոս հարց կը ծագի, թէ թուզի կուտը հնարաւորութիւն ունի՞ նոր տեղեկութիւններ ներառելու… Դժուար թէ կարենար: Ուրեմն, այդ ալ կ՛ըլլայ այս մեծ «իմաստուն»ներուն անփառունակ վախճանը: Որովհետեւ անգամ մը որ այնտեղ արձանագրուածները դրոշմուին, ալ դժուար կ՛ըլլայ ջնջել ու նորը արձանագրել: Սա ալ տգէտներու ուղեղին թերութիւններէն մէկն է, ինչպէս տարբեր մարդոց պարագային այլազան թերութիւններ կարելի է թուել: