
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախեան ազատամարտի հայ հերոսներու սխրանքները պիտի չմնան անցեալի էջերուն մէջ, այլ անոնք երիտասարդ սերունդին պիտի փոխանցուին «Ճանաչենք մեր հերոսներին» հոլովակներու միջոցով:
Նախաձեռնութեան հեղինակը «Աշխարհազօր» երիտասարդական կր-թական հասարակական կազմակերպութիւնն է, իրագործման աջակիցը՝ Հայաստանի երիտասարդական հիմնարկը՝ Հայաստանի նախագահի դրամաշնորհով: «Հոլովակները հասանելի դարձնելու համար քարոզարշաւ եւ դասխօսութիւններ են իրականացւում հասարակութեան շրջանում: Հոլովակների տեւողութիւնն ընդամէնը մէկ րոպէ է: Դրանք հիմնականում նուիրուած են արցախեան հերոսամարտի հերոսներին եւ իրենց մէջ ներառում են նրանց կեանքի ու գործունէութեան ընդամէնը մի մասնիկն է», յայտնած է «Աշխարհազօր» երիտասարդական կրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Րաֆֆի Գէորգեանը՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտութիւն էր, քանի որ հայ հերոսներէն շատեր, հակառակ իրենց կատարած սխրանքներուն եւ փառաւոր գործերուն, հասարակութեան համար անճանաչելի կը մնան։ Կազմակերպութիւնը կը փորձէ հերոսներն ու իրենց աշխատանքը հանրութեան մատչելի դարձնել 30 վայրկեան տեւող տեսահոլովակներու միջոցով, որոնք պիտի ներկայացուին պատկերասփիւռի տարբեր կայաններով եւ համացանցային ընկերային ցանցերով:
Այս նպատակով կը կատարուի նաեւ այլ աշխատանք մը. հայ հերոս Աշոտ Չախոյեանի մօր՝ Գոհար Մարտիկեանի շնորհիւ լոյս տեսած է «Ապրելու Բանաձեւ» մատենաշարը, որ հայ հերոսներու կենսագրութիւնը ընդգրկող վեցհատորեակ է: «Ապրելու բանաձեւ» ծրագիրը կ՛իրականանայ «Կանանց հանրապետական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան Հայաստանի երիտասարդական հիմնդրկին միջոցով՝ Հայաստան նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան կողմէ յայտարարուած դրամաշնորհային մրցումի ծիրին մէջ: Մատենաշարը կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու հայ հերոսներուն, անոնց կեանքի կարեւոր իրողութիւններուն եւ սերտելու անոնց կատարած հերոսավայել սխրանքները:
Շուտով լոյս պիտի տեսնէ նաեւ համանուն գիրքի եօթներորդ հատորը: