
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ հրատարակած է հետեւեալ լրատուութիւնը.
Հանրապետական aժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու Գերմանիա այցելած է տեղւոյն թուրքներուն ծանօթացնելու իր եւ Ազգային շարժում կուսակցութեան կողմէ հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու ընտրուած Էքմելետտին Իհսանօղլուն։ Քըլըճտարօղլու զանազան հաստատութիւններու եւ համայնքներու հետ հանդիպումներ ունեցած է, բայց Գերմանիոյ հայ համայնքին հետ չէ կրցած հանդիպիլ, որովհետեւ Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանը մերժած է Քըլըճտարօղլուն ընդունիլ։
«Այնքա՛ն ատեն, որ այս կուսակցութիւնը կը շարունակէ ուրացումի քաղաքականութիւնը, կարելի չէ ընդունիլ նմանօրինակ հանդիպում մը», ըսուած է Քէօլնի առաջնորդարանին հրատարակած լուսաբանութեան մէջ։