
Թուրքիոյ իշխանութուններու ֆինանսաւորմամբ վերակառուցուող Էրզրումի (Կարին) հայկական դպրոցի պատմական շէնքը, Յուլիս 23ին յանձնուած է շահագործման: Հայկական նախկին դպրոցը Թուրքիոյ մէջ պիտի օգտագործուի որպէս Քեմալ Աթաթուրքի ղեկավարած շարժման եւ Էրզրումի քոնկրեսի թանգարան:
1881ին կառուցուած Սանասարեան վարժարանին մէջ 1919 Յունիս-Օգոստոս ամիսներուն տեղի ունեցած է Էրզրումի քոնկրեսը, որուն ընթացքին հիմը դրուած է Թուրքիոյ ապագայ հանրապետութեան ստեղծման (1923): Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, հայկական կրթօճախի այդ շէնքը տարբեր նպատակներու ծառայած է. 1920-1921 եղած է արուեստի դպրոց, 1922-1923 գործած է որպէս լսարան, 1924ին՝ որպէս նախակրթարան, 1940ին Աթաթուրքի անուան արուեստի դպրոց: 1960 թուականէն ի վեր իր դռները բացած է որպէս Աթաթուրքի եւ Էրզրումի քոնկրեսի թանգարան, այնուհետեւ վերածուած է ազգային պալատներու վարչութեան կեդրոնի:
Այժմ, վերանորոգումէն ետք վերստին պիտի օգտագործուի իբրեւ թանգարան:
Էրզրումի փոխնահանգապետ Օմեր Հիլմի Եալմըն տեղեկացուցած է, որ շէնքի վերականգնման համար ծախուած է արդէն 5 միլիոն թրքական լիրա (աւելի քան 2.5 միլիոն տոլար):
Նշենք, որ 1881-1915 ժամանակահատուածին, Սանասարեան վարժարանէն շրջանաւարտ եղած են բազմաթիւ հայ մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ։