
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 26 Յունիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբ մը, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ։ Ուսանողները կը մասնագիտանան Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած նիւթերու, իսկ դասախօսները այդ նիւթերուն առնչուած թէ՛ դասախօսներ էին եւ թէ կարեւոր հրատարակութիւններու հեղինակներ։
Ողջունելով ներկայութիւնը շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած խումբին, վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի ու ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին, այս երեք բնագաւառներուն առնչուած շարք մը ընդգծումներ կատարելով։ Ապա հայրապետը պատասխանեց իրեն եղած հարցումներուն, որոնք աղերս ունէին վերոյիշեալ բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ-թուրք յարաբերութեան։
Հանդիպումի աւարտին, «Օքսֆորտ» համալսարանի Միջին Արեւելեան բաժանմունքի դասախօսը հայրապետը հրաւիրեց «Օքսֆորտ» դասախօսութիւն մը տալու «Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ։