ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ 6-16 Յունիսին տեղի ունեցած է բանաստեղծութեան միջազգային 20րդ փառատօնը, որուն պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով մասնակցած է նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Գրական տապան» բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի համակարգող, «Հրանտ Մաթեւոսեան» հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Մաթեւոսեանը, թառահար Միքայէլ Ոսկանեանը, բլուլահար Ռաֆայէլ Աւագեանը, բանաստեղծներ Էդուարդ Յարենցը, Արուսեակ Օհանեանը, Արմէնուհի Սիսեանը, Հերմինէ Նաւասարդեանը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծ Նշան Աբասեանը: Հայ գրողներէն բացի, հայկական պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած են նաեւ բանաստեղծներ Վիկա Չեմպարցեւան եւ Վատիմ Մեսեացը:
Փառատօնի օրերուն բանաստեղծութեան հայերէնով ընթերցումները զուգորդուած են հայ երաժիշտներու նուագակցութեամբ: Հայաստանը ներկայացնող խումբին վստահուած է փառատօնի փակման գեղարուեստական բաժինը, որ արժանացած է օտար գրողներու եւ Ճենովայի արուեստասէր հասարակութեան ջերմ ընդունելութեան:
Ճենովայի բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին կը մասնակցէին շուրջ 60 բանաստեղծներ, երաժիշտներ եւ արուեստագէտներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.