
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Վերջերս, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ պատահաբար կարդացի Յարութ Սասունեանի յօդուածը՝ «Մահացած է ՄԱԿի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող զեկոյցին հեղինակը» խորագիրով (Ուրբաթ, Յունիս 27, 2014):
Յօդուածը կը վերաբերէր բրիտանացի փորձագէտ Պենճըմին Ուիթեքըրի մահուան: Ուիթեքըր ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի յատուկ զեկուցաբերն էր:
1974էն մինչեւ 80ականներու կէսերը, ՄԱԿի այս ենթայանձնախումբին մէջ օրակարգի, քննարկումի եւ քաղաքական պայքարի հիմնական հարցը Հայկական Ցեղասպանութեան պարագան էր, որ առաջին զեկուցաբեր Նիքոտեմ Ռուհաշիանքիքոյի տեղեկագիրին մէջ յստակօրէն նշուած էր:
Այդ օրերուն, բնականաբար, Թուրքիա ձեռնածալ չէր մնացած այս զարգացումներուն ի տես եւ իր կարգին կ՛աշխատէր Հայկական Ցեղասպանութեան նշումին առնչուող պարբերութիւնը դուրս հանել տալ զեկուցումէն եւ որոշ հանգրուանի մը, մեզի համար աննպաստ զարգացումներ արձանագրուեցան այս իմաստով: Սասունեան կ՛ըսէ. «Թրքական ճնշումներուն հակազդելու համար խումբ մը հայեր (ընդգծումը մեզմէ-Վ.Բ.), որոնց մէջ էր նաեւ տողերուս հեղինակը, 1978 թուականին յաջողեցան խափանել զեկոյցը ՄԱԿի ենթայանձնաժողովին մէջ, երբ հանուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը»:
Այդ տասնամեակի սփիւռքահայ ու յատկապէս դաշնակցական մամուլը հարուստ է այս զարգացումներուն մասին մանրամասն լրատուութիւններով ու մեկնաբանութիւններով: Նոյն այդ մամուլը նաեւ բաւական հարուստ է Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ ժողովրդային կամ այլ զօրաշարժերու մասին արձագանգներով:
Սասունեան նաեւ ամփոփ պատմականը կը կատարէ Ժընեւի մէջ այդ տարիներուն ՄԱԿի քուլիսներէն ներս թէ դուրս մղուած «կերիլլայական» այն պայքարին, որ քաղաքական առումով նպաստաւոր դիրքեր ապահովեց հայութեան ու մեր Դատին: Այս առումով, յօդուածը դրական թելադրականութիւն ունի:
Սակայն յօդուածին ներքին տրամաբանութիւնը այն է, որ թրքական նշեալ ճնշումներուն հակազդած ու ՄԱԿէն ներս այս պայքարը յաջողութեամբ մղած են յօդուածագիրը, իբրեւ ամերիկացի բնիկ կարմրամորթներու հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ վարձուած իրաւաբան եւ… «խումբ մը հայեր», անանուն, անդէմ, անծանօթ: Այսինքն խումբ մը սրտցաւ հայ անհատներ:
Տարբեր խօսքով, ՄԱԿի նման միջազգային կարեւոր կազմակերպութեան մը մէջ քաղաքական պայքար մղուած է ի նպաստ մեր Դատին, առանց հայ քաղաքական միտքի մասնակցութեան, առանց հայկական քաղաքականօրէն կազմակերպ մասնակցութեան: Սասունեանի յօդուածով այն յստակ տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ գործը տարուած է պարզապէս «խումբ մը հայեր»ու կողմէ: Որո՞ւ խելքին կը պառկի նման բան:
Սա արդէն կրկնակիօրէն մոլորեցնող եւ շփոթեցնող խնդիր է, յատկապէս անոր համար, որ յօդուածը լոյս տեսած է նաեւ դաշնակցական թերթի մը մէջ (ցարդ՝ առնուազն մէկ):
Այս շփոթը պէտք է փարատի: Յօդուածագիր Սասունեան եւ այս յօդուածին տեղ տուող թեր-թ(եր)ը պարտաւորութեան տակ են այս շփոթը փարատելու եւ անհրաժեշտ ճշդում(ներ)ը կատարելու:
Յունիս 30, 2014
Լոս Անճելըս
vproodian@gmail.com