«Որքա՜ն պիտի ուզէի աղքատ եկեղեցի մը եւ՝ աղքատներուն համար»:
«Երբ ուտելիքներ կը թափենք, այդ այնպէս է, որ կարծէք աղքատի սեղանէն, անկէ՝ որ անօթի է, ուտելիք կը գողնանք». Փրանկիսկոս, Հռոմի քահանայապետ
(Ճշմարիտ)… «աղքատները անոնք են, որոնք շատի պէտք ունին, որովհետեւ ոչինչ կրնայ զիրենք բաւարարել»
Խոսէ Մուխիքա, Ուրուկուէյի նախագահ
Խորագիրը յոյսի հարցում է: Մէջբերումները՝ «դիսերտացիա»ի նիւթ, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ):
Պատմութեան ընթացքին յայտնուած են արտակարգ դէմքեր, որոնք ունեցած են առաքինի օրինակի արժէք, («առաքինի»ն միշտ կ՛ուզեմ ըմբռնել հռոմեացիներու հոգեկան ուժի՝ virtus-ի իմաստով) նոյնիսկ երբ համամարդկային ճանաչում չեն ունեցած: Անոնք կը կոչուին Սոկրատ, Կալիլէ, Մահադմա Կանտի, Նելսըն Մանտելա, որոնք ճշմարտութեան եւ իրաւունքին սպասարկած են անանձնական եղանակով:
Մեր փոքրիկ ժողովուրդն ալ ունեցած է նման օրինակելի դէմքեր, որոնք իրենց անձէն անդին ապրած են, մարդը եւ մարդկութիւնը գերադասելով անմիջականին, ժամանակաւորին եւ անցողիկին: Անոնք եղած են ֆէտայիներ, քաղաքական առաքինի
գործիչներ, հաւաքական շահերը գերադասած են անձնականին եւ հանգիստին: Օր մը պէտք է խօսիլ նաեւ անոնց մասին, կողմնապաշտութիւնները գերանցելով:
Մեր օրերուն, եւ ոչ պատմութեան մշուշէն յայտնուելով, ժամանակակից երկու դէմքեր առաքինի օրինակի մարմնացում կը հանդիսանան մեր անմիջական ներկային մէջ: Բոլոր քաղաքացիները եւ ժողովուրդներու առաջնորդութեան կոչուածներ, մեծեր եւ նուազ մեծեր, իրենց շրջապատին եւ մարդկութեան մեծագոյն բարիքը կը բերեն, հետեւելով Հռոմի սրբազան ներկայ քահանայապետ Փրանկիսկոսի եւ հեռաւոր Հարաւային Ամերիկայի Ուրուկուէյ երկրի նախագահ Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքայի օրինակին:
Այդ արտակարգ օրինակներուն մասին կը գրեն եւ կը խօսին լրատու միջոցները: Անոնց պատկերը ո՛չ ճոխութիւն է, ո՛չ ռմբահարում է, եւ մեր հետաքրքրութիւնը չի շարժեր: Ծանօթանալէ ետք անոնց, մենք մեզի եթէ շնորհենք մտածելու եւ գնահատելու ժամանակ եւ ողջախոհութիւն՝ տարբեր երկիրներու բնակիչներ եւ տարբեր երկինքներու տակ ապրող քաղաքացիներ, թերեւս կը կարողանանք վերաբերում ճշդել մեր շրջապատին եւ մեր ճակատագիրը տնօրինող զանազան մակարդակի ղեկավարներու նկատմամբ, մերժելով վատութեամբ դրօշմուած կրաւորականութիւնը:
Մեր անմիջական ներկային մէջ, Հռոմի քահանայապետը չի բնակիր պապական յարկաբաժիններու մէջ եւ կը վարէ պարզ կղերականի կեանք, կը յարգէ եկեղեցականի աղքատ ապրելու ուխտը: Ան մերժած է իր տեղափոխութիւններուն համար օգտագործել զրահապատ «փափամոպիլ»ը, առանց վախնալու ահաբեկչական գործողութիւններէ, յայտնելով որ պաշտպանելիք ոչինչ ունի:
Ուրիշներ, եւ անոնք եզակի եւ փոքրաթիւ չեն, կը տեղափոխուին «թիկնապահներ»ու ջոկատներով, ինչ որ կը թուի ըլլալ իրենց կարեւորութեան արտաքին նշանը: Հռոմի քահանայապետին մեծութիւնը եւ կարեւորութիւնը չեն չափուիր ո՛չ իր շքեղ բնակարանով, ո՛չ իր թիկնապահներով եւ ոչ ալ «փափամոպիլ»ով: Ան միայն կրօնական հեղինակութիւն չէ, ան պետն է նաեւ Վատիկանի փոքր, բայց հզօր պետութեան:
Ճիշդ է, որ սրբազան պապը բարոյական հեղինակութիւն է: Բայց միայն սքեմը չէ, որ կը շնորհէ հեղինակութիւնը:
Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքայի օրինակը, որուն մասին ըսուածը լսած ենք որպէս հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւն եւ ապա մոռցած:
Ուրուկուէյը քաղաքացիական պատերազմ տեսած է, զինուորական վարչակարգ, եւ երկրի այդ անցեալը այդքան ալ հին պատմութիւն չէ:
Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքա Ուրուկուէյի նախագահ ընտրուած է 2009ին: Տասնհինգ տարի բանտ մնացած է, ամբողջական մեկուսացման մէջ, դիմադրած ըլլալով զինուորական բռնատիրութեան: Պայծառ անձնաւորութիւն մը, որ չէ ուզած բնակիլ նախագահական ապարանքին մէջ, հոն ապաստան տուած է անտուն եւ աներդիք թշուառներու: Ինք կը նախընտրէ բնակիլ իր խաղաղ ագարակին մէջ, մայրաքաղաքէն կէս ժամ հեռու, հրաժարելով պետական ապարանքի ճոխութենէն: Այս ղեկավարը փողկապ չի գործածէր, միջազգային հանդիպումներու կը մասնակցի իր հին ու մաշած կօշիկները հագած, կը վարէ նուազագոյնով գոհացողի կեանք մը: Եւրոպական պերճ հագուստ-կապուստի վաճառատուներու յաճախորդ չէ, ինչպէս որ կ՛ըլլան չտեսները եւ նորահարուստները: Այս «նախագահ»ը վանական չէ, ան իր ներշնչումը կը գտնէ հին իմաստուններու ուսուցման մէջ, օրինակ՝ Սենեկայի (Seneque), զոր յաճախ կը մէջբերէ, եւ ըստ այդ ուսուցման, ճշմարիտ «աղքատները անոնք են, որոնք շատի պէտք ունին, որովհետեւ ոչինչ կրնայ զիրենք բաւարարել»:
Մեր դարու այս «իրաւ» մարդը, լքելէ ետք նախագահական ապարանքը, կը բնակի իր կնոջ ագարակին մէջ, իր աշխատավարձին իննսուն տոկոսը կը բաժնէ կարիքաւորներու եւ մարդասիրական կազակերպութիւններու, իրեն կը մնայ ուրուկուէյցի համեստ քաղաքացիի մը եկամուտը, 609 եուրօ, շուրջ 800 տոլար (բաղդատել ուրիշներու տեսանելի եւ նուազ տեսանելի եկամուտներուն): Որպէս ինքնաշարժ ունի 1987 տարուան կրիայի նմանող «Վոլքզուակըն» մը… Կրկին բաղդատել:
Ֆրանսացին կ՛ըսէ՝ «բաղդատելին պէտք է բաղդատել»: Բաղդատելէ ետք քաջութիւն պէտք է այդ ըսելու:
Մտածենք Խոսէ Մուխիքայի հետ. «Զիս կը կոչեն աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը, բայց ես ինքզինքս աղքատ չեմ զգար: Աղքատները անոնք են, որոնք կ՛աշխատին միայն հոգալու համար իրենց ծախսալից կեանքի ոճը եւ որոնք միշտ աւելին կը ցանկան…»։
Աշխարհի բոլոր երկիրներու հին ու ներկայ ղեկավարները, ոչ միայն թագաւորները եւ նախագահները, ի բացառեալ քանի մը դէմքերէ, ինքնագիտակցութեան պահու մը, կրնա՞ն իրենք զիրենք բաղդատել այս Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքային, երկու միլիառ քրիստոնեաներու առաջնորդ սրբազան պապին, հրաժարելով իրենց թիկնապահներէն, ապարանքներէն, պերճանքէն:
Լաւ կ՛ըլլայ, որ երբեմն յիշեն այծի կաթով ապրող եւ տարրական հանդերձանք ունեցող մեծն Մահադմա Կանտին, որ երբ խօսէր, ութ հարիւր միլիոն ժողովուրդ իրեն կը հետեւէր, փոխանակ անձնատուր ըլլալու խարդախութիւններու, դաւերու, վարժուեցանք ըսել՝ «կոռուպցիա»ի:
Եթէ հայկական հրապարակին վրայ գործող մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, առաջին կարգով ճամբորդողները, «ժագուզի»ով պանդոկ ուզողները, Փրանկիսկոս պապի, Կանտիի եւ Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքայի օրինակին հետեւէին, ըսէին որ իսկական աղքատ են, երբ շատի պահանջ ունին եւ երբեք այդ պահանջի բաւարարման պիտի չձգտին, իշխանութիւնը կը դառնայ հեղինակութիւն, «քարիզմ», բարիք: Տարբերութիւն եւ ընդդիմութիւն թշնամութիւն չեն ըլլար, այլ նմանին հանդէպ ծառայութիւն:
Ինչ կը վերաբերի մեր «պզտիկ ածու»ին, կարելի կ՛ըլլա՞յ Հայաստան հրաւիրել եւ լսել Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքան, մանաւանդ որ Ուրուկուէյի մէջ ունինք հայկական համայնք:
Կամ Փրանկիսկոս պապը, որ առանց թիկնապահի պտըտի Երեւանի փողոցներուն մէջ…
Արգիլուած չէ երազել: