– «Արապիա» արբանեակային կայանը կը հաղորդէ, որ հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Շարուրա շրջանին մէջ, «Քայիտա»ի երկու անդամներ Յուլիս 5ին իրենք զիրենք պայթեցուցած են կառավարական շէնքի մը մէջ, որ սէուտական ապահովական ուժերուն կողմէ պաշարուած էր: Աղբիւրը նշեց, որ սահմանային անցքի մը վրայ գտնուող այդ շէնքի գրաւման ընթացքին սպաննուած են երեք այլ ահաբեկիչներ: Ապահովական մարմիններու շարքերուն մէջ զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Ձերբակալուած է այլ զինեալ մը:
– Անցած շաբաթավերջին, Մուսուլի մէջ 23 օր պատանդ մնացած 32 թուրք վարորդները ազատ արձակուած են։ Իսկ իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ առեւանգուած թուրք դիւանագէտները տակաւին կը մնան պատանդ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.