ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Յուլիսին այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն եւ հանդիպում ունեցած է միութեան անդամներուն հետ՝ ծանօթանալով իրականացուող աշխատանքներուն ու առկայ խնդիրներուն:
Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է միութեան հայրենանուէր գործունէութիւնը՝ կարեւոր նկատելով այս մէկը մատաղ սերունդի դաստիարակութեան եւ անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակը վառ պահելու առումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.