
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սրտամօտիկ ծրագիրներու շարունակականութեան, կամ ազգային նպատակներու ծառայող կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հզօրացման նախանձախնդրութիւնը բազմաթիւ հայորդիներ մղած է իրենց կարողութենէն բաժին մը՝ կտակի միջոցաւ, վերապահելու այդ ցանկութեան իրականացման:
Յաճախ կտակը ստացող կառոյցները անակնկալի կու գան, երբ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներէն կամ իրաւաբանէն կը տեղեկանան կտակին մասին: Որոշ պարագաներու, նման կտակներ փրկարար դեր կը կատարեն՝ տագնապալի վիճակներ դիմագրաւելու հնարաւորութիւն ընձեռելով զանոնք ստացող կառոյցներուն: Ուրիշներու պարագային՝ կը նպաստեն աշխատանքի դաշտի ընդարձակման, նոր նուաճումներ իրագործելու ճիգերուն:
Անդենական աշխարհ մեկնելէ ետք իսկ, հայկական, ազգային իրականութեան մասնակից ըլլալու հրաշալի փառասիրութիւնը կ՛ողջունենք: Այսուհանդերձ, մեր առաջարկն է, որ իրենց ժառանգութենէն ազգին բաժին հանելու որոշումը տուած հայրենակիցները չսպասեն տխուր հրաժեշտէն ետք բացայայտելու իրենց մտադրութիւնը: Զօրակցութիւնը այս կամ այն ծրագիրին կամ կազմակերպութեան կարելի է աւելի ճիշդ հունաւորել՝ կենդանի մասնակցութեամբ, միջոցները ուղղորդելով նպատակային թիրախներու, կտակողի ցանկութիւններու ամբողջական գոհացումը երաշխաւորելով:
Հաւանաբար, իրաւաբանական մանրամասն ուղեցոյցով կարելի է կտակողի ցանկութիւնները յստակօրէն ներկայացնել: Այսուհանդերձ, կտակողը կրնայ հոգեկան առաւել խորունկ գոհունակութիւն ստանալ, երբ վկայ ըլլայ իր արարքին յառաջացուցած խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան:
Անշուշտ, համեստութիւնն ու իւրայատուկ հոգեխառնուածքը կրնան գործօն ըլլալ կտակողի իր նուիրատուութեան մասին յետ մահու տեղեկացնելու որոշման մէջ: Յարգելով այդ նկարագրային գիծը՝ տակաւին պիտի առաջարկենք, որ կտակելու մտադրութիւնը բացայայտուի եւ ըստ արժանւոյն գնահատուի:
Հետեւելով հայկական տեղեկատուական դաշտին՝ կարելի է արձանագրել, որ հայկական կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները շատ քիչ աշխատանք կը տանին խրախուսելու մեր ազգի զաւակները, որ իրենց միջոցներէն մաս մը կտակեն հայկական միութիւններուն ու կառոյցներուն:
Անհրաժեշտ է նաեւ կտակողներուն տրամադրել իրաւական խորհրդատուութիւն, եթէ անոնք կարիքը զգան անոր, որպէսզի դիւրացնեն իրենց ցանկութեան իրականացումը:
«Ասպարէզ» պատրաստ է այս փառաւոր աւանդոյթի տարածման նպաստող որեւէ յանձնառութեան եւ աշխատանքի։