
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպես յայտնած է, որ մինչ Լիբանան ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ՝ Լիբանան քաղաքական եւ տնտեսական քայքայման վտանգ կը դիմագրաւէ: Ըստ Տըրպեսի՝ կը նախատեսուի, որ այս տարուան վերջաւորութեան սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասնի 1.5 միլիոնի, ինչ որ ծանր բեռ մըն է 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրին համար: Ան ըսած է, որ 2012էն ի վեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տուող գաղթականներու հոսքը արդէն իսկ դիւրաբեկ լիբանանեան տնտեսութեան 7.5 միլիառ տոլարի վնաս պատճառած է:
Մասնաւորաբար ճնշումի տակ են սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող սահմանամերձ լիբանանեան համայնքները՝ ցած աշխատավարձով աշխատելու պատրաստակամ մարդոց թիւի աճին պատճառով:
Նախարարը յայտնած է, որ գործազրկութիւնը կրկնապատկուած է, մասնաւորաբար մեծամասնութեամբ աղքատ շրջաններու մէջ ոչ մասնագիտացած աշխատաւորներու մօտ, զգուշացնելով, որ գաղթականներու տագնապը կը սպառնայ Լիբանանը տնտեսական, քաղաքական եւ մինչեւ իսկ ապահովական քայքայումի առաջնորդել:
Սուրիոյ իրադարձութիւնները ոչ միայն Լիբանանի տնտեսութեան վնաս պատճառած են, այլ նաեւ վատթարացուցած են յարանուանական լարուածութիւնները եւ բռնարարքներ հրահրած:
Լիբանան ներկայիս 1.1 միլիոն արձանագրուած սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալէ: Անոնց կէսէն աւելին երեխաներ են ու անոնց մեծամասնութիւնը դպրոց չի կրնար յաճախել: Սուրիացի կիներն ու մանուկները յաճախ Պէյրութի կարգ մը փողոցներուն մէջ մուրացկանութիւն կը կատարեն. մինչ կարգ մը գաղթականներ տուներ վարձած են, ուրիշներ կը բնակին կառատուներու եւ լքեալ շէնքերու մէջ:
ՄԱԿի գնահատումով՝ Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն բեռը դիմակայելու համար այս տարի 1.6 միլիառ տոլարի կարիքն ունի, սակայն առայժմ այդ գումարին միայն 23 առ հարիւրը գոյացած է:
ՄԱԿի գաղթականներու հարցով գործակալութեան (UNHCR) ներկայացուցիչ Նինեթ Քելի կը յայտնէ, որ ներկայ դրութեամբ՝ մարդասիրական օժանդակութեան գործակալութիւնները պիտի չկարենան 172 հազար գաղթական մանուկներ յառաջիկայ տարի լիբանանեան դպրոցներու մէջ արձանագրելու նպատակը իրագործել եւ 800,000 գաղթականներ, յառաջիկայ ձմրան ընթացքին, բաւարար պատսպարուած պիտի չըլլան:
ՄԱԿի համաձայն՝ ամսական մօտաւորապէս 100,000 սուրիացի գաղթականներ դրացի երկիրներ կ՛ապաստանէին, իսկ այդ հոսքը վերջին ամիսներուն մասամբ մեղմացած է:
Ըստ նախատեսութեանց՝ 2014ի վերջաւորութեան ատարածաշրջանին մէջ 3.6 միլիոն սուրիացի գաղթականներ պիտի ըլլան: Ներկայիս այդ թիւը 2.9 միլիոն է:
Լիբանանէն բացի, սուրիացիները մեծ թիւերով Թուրքիա, Յորդանան եւ Իրաք գաղթած են: