
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանարմինիըն».- Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագովի դէմ մահափորձ կատարուած է, երկիրի արեւելեան շրջաններուն մէջ ուքրանական բանակին կողմէ իրականացուող յատուկ գործողութիւններուն ընթացքին: Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է այս տեղեկութիւնը՝ առանց մանրամասնելու:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վալերի Լալին յայտարարած է, որ Ուքրանիա կը քննէ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու կարելիութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մոսկուան մեղադրած է արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներուն ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու յանցանքով՝ պնդելով, որ Ռուսիա կը շարունակէ «անջատողականներուն մատակարարել ծանր սպառազինութիւն», նաեւ զօրքեր կը կուտակէ Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ:
«Մեր տեղեկութիւններով, Մոսկուան վերջերս անջատողականներուն փոխանցած է Խորհրդային Միութեան ժամանակներու քանի մը հրասայլ եւ հրետանի», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: